Դարձէ՛ք Այս Հրաշալի Պատանիներուն Հիւրընկալ Ընտանիքը. տեսանիւթ

Ինչպէս տեղեկացուցած էր «Հայերն այսօր»-ը, օգոստոս 10-24 ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որ նախատեսուած է 13-21 տարեկան սփիւռքահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար:
Ծրագիրի մասնակիցները Հայաստանի մէջ գտնուելու օրերուն կարիքը ունին հիւրընկալ ընտանիքներու:
Այս առնչութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, ծրագիրին մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ, իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեսանիւթ մը հրապարակած է` յորդորելով հայ ընտանիքներուն իրենց տան դռները բանալ անոնց առջեւ: «Այս հրաշալի հայ պատանիները սպասում են, որ դուք դառնաք նրանց հիւրընկալ ընտանիքները, հիւրընկալէ՛ք նրանց ձեր ընտանիքներում»,- իր խօսքին մէջ նշած է Մխիթար Հայրապետեան:
Սիրելի՛ հայ ընտանիքներ, եթէ ցանկութիւն ունիք ձեր տան մէջ հիւրընկալելու Սփիւռքէն ժամանած պատանիներ կամ երիտասարդներ, կը խնդրենք լրացնել եւ ներկայացնել ներքոնշեալ յայտադիմումը:
Յայտադիմումը կրնաք լրացնել այստեղ`
https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLScmlTwpYhbkwx34iYj5JBpEGcToKVzFtE1PRZjkq4ylFv-g-Q/viewform