Ասուլիս Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ` Նուիրուած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Եւ 11-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումին

Յուլիս 17-ին, ժամը` 11:00-ին, Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի կ’ունենայ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ 11-րդ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին նուիրուած մամլոյ ասուլիս (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, 8-րդ յարկ):
Ասուլիսի բանախօսներն են ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Վաչէ Նաջարեան, Բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրդողլեան, ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, «Մարզիկ» ամսագրի խմբագիր Վիգէն Աւագեան:
Յուլիս 19-29 Հայաստանի մէջ պիտի նշուի ՀՄԸՄ-ի մէկդարեայ յոբելեանը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի բարձր հովանիի ներքոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աջակցութեամբ:
Երեւան կը հիւրընկալէ շուրջ 3000 ՀՄԸՄ-ականներ: