Աւստրալահայ Քաղաքագէտ Սասուն Գրիգորեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յուլիս 12-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ նախարարի խորհրդական Գէորգ Պետրոսեան ընդունեցին աւստրալահայ քաղաքագէտ, Աւստրալիոյ  հայկական ազգային կոմիտէի խորհուրդի անդամ, հանրային քաղաքականութեան, ընկերակցական յարաբերութիւններու մասնագէտ Սասուն Գրիգորեանը:

Նախարար Մխիթար Հայրապետեան ողջունելով Սասուն Գրիգորեանը` ծանօթացաւ վերջինիս այցի նպատակին, լսեց առաջարկութիւններ յետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ: Աւստրալահայ քաղաքագէտը զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ աշխատանքային գործունէութեան, իր նուաճումներուn եւ նոր Հայաստանն աւելի հզօր ու մրցունակ տեսնելու մասին: Շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի աշխոյժ համագործակցիլ  նախարարութեան հետ:

Ամփոփելով հանդիպումը` Մխիթար Հայրապետեան հաւաստիացուց, որ պիտի ըլլայ  յետագայ աշխոյժ համագործակցութիւն:

Հանդիպման աւարտին աւստրալահայ քաղաքագէտը Սփիւռքի նախարարին նուիրեց իր վերջին գիրքը:

Scroll Up