«Վայոց Ձոր» Ելեկտրոնային Գիրքը Ներկայացուեցաւ ԱՄՆ «Ֆոլքլայֆ» Փառատօնին
Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Սմիթսոնեան «Ֆոլքլայֆ» փառատօնի այցելուները իւրայատուկ հնարաւորութիւն ունեցան Հայաստանին ծանօթանալու ոչ միայն ազգային կերակրատեսակներու, արհեստներու եւ երաժշտութեան, այլեւ արուեստագիտութեան միջոցով: Փառատօնին ներկայացուած «Վայոց ձոր» multimedia ելեկտրոնային գիրքը հնարաւորութիւն տուաւ մասնակիցներուն առցանց ճամփորդութիւն կատարելու դէպի Հայաստանի այդ գեղեցիկ մարզը, այցելելու պատմական վայրեր, հիանալու բնութեան տեսարաններով եւ ներշնչուելու տեղական մշակոյթով:
Ել. գիրքը թողարկուած է ՀԲԸՄ Հայկական վիրտուալ համալսարանի (ՀՎՀ) եւ ԱՄՆ ՄԶԳ կողմէ ֆինանսաւորուող Սմիթսոնեան հիմնարկի «Իմ Հայաստան» ծրագիրին կողմէ: Այն համապարփակ ուղեցոյց է Վայոց ձորի մասին` յագեցած բազմազան multimedia-ի միջոցներով` տեսանիւթերով, եռաչափ նկարներով ու համայնապատկերներով, ձայնագրութիւններով եւ քարտէզներով:
«ՀՎՀ-ն հպարտութեամբ կը համագործակցի Սմիթսոնեան հիմնարկին հետ` հաւատարիմ մնալով հայկական հարուստ ժառանգութիւնն աշխարհին ներկայացնելու իր առաքելութեան, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ «Վայոց ձոր» ելեկտրոնային գիրքը կը ներկայացուի Ֆոլքլայֆ փառատօնի ընթացքին»,- ըսաւ ՀՎՀ հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեան: «Նոր ել. Գիրքին մէջ օգտագործուած են ստեղծարար եւ ժամանակակից լուծումներ` Վայոց ձորի բնական եւ պատմական հարստութիւնը, մարզի բազմազանութիւնը լաւագոյնս ներկայացնելու նպատակով: Գիրքն իր բովանդակութեամբ կը նպաստէ մարզին մէջ զբօսաշրջիկներու թիւի աճին»:
Բացի տարածաշրջանի պատմութեան, բնական վայրերուն, մշակոյթին եւ աւանդոյթներուն մասին գլուխներէն, գիրքը կը պարունակէ նաեւ հիւրանոցներու եւ ճաշարաններու տեղեկատու, ինչպէս նաեւ բառարանային յաւելուած` ճանապարհորդութիւնը հեշտ եւ հաճելի դարձնելու համար:
«Ելեկտրոնային գիրքի միջոցով մարդիկ կրնան բացայայտել որեւէ վայր, տան կամ հիւրանոցին մէջ ծանաթօնալով ատոր` յստակ պատկերացնելով, թէ ուր կ՛ուզեն ճամբորդել… Այն հիանալի միջոց է ճանապարհորդութիւնը նախապէս ծրագրաւորելու, ինչպէս նաեւ ճամբորդութեան ժամանակ օգտագործելու համար», – ըսաւ Սմիթսոնեան հիմնարկի «Իմ Հայաստան» ծրագիրի ներկայացուցիչ Սայմոն Ճոնսը:
«Ինչպէս ստեղծել ուղեցոյց» խորագիրով հանդիպման ընթացքին դոկտոր Երուանդ Զօրեան, Սայմոն Ճոնսը եւ գիտնական-փորձագէտներ Սաբրինա Փափազեան եւ Յարութիւն Մարութեան ներկայացուցին «Վայոց ձոր» ուղեցոյցի մշակման աշխատանքի մանրամասները:
Այս ամսուան սկիզբը «Վայոց ձոր» եւ Հայաստանի մասին ՀՎՀ-ի երկու այլ ելեկտրոնային գիրքերը` «Հայկական լեռնաշխարհ» եւ «Բացայայտենք Երեւանը», ցուցադրուեցան Պոսթընի, Նիւ Եորքի եւ Ուաշընկթընի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներու ընթացքին, որոնց նպատակն էր նպաստել Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան, ներառեալ` մշակութային զբօսաշրջութեան, զարգացման:
Ել. գիրքերը կարելի է անվճար ներբեռնել կամ դիտել ` այցելելով www.avc-agbu.org կայքէջ: