Գրասնոյարսկի «Արմէնիա» Պարախումբի Սաներն Այցելեցին Սփիւռքի նախարարութիւն

Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Գրասնոյարսկի «Արմէնիա» պարախումբի սաները, գեղարուեստական ղեկավարներ Գէորգի Մելքոնեանի եւ Արփինէ Ասատրեանի ուղեկցութեամբ, հիւրընկալուեցան նախարարութեան մէջ:

Ողջունելով երիտասարդ պարուհիներն ու պարողները` Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր համարեց պարախումբի ազգանուէր գործունէութիւնը եւ աւելցուց. «Դուք մեր հպարտութիւնն էք: Ես հիացած եմ ու հպարտ հայապահպանութեան ուղղուած ձեր ջանքերուն համար: Կը փորձենք մեր երիտասարդական ծրագիրներուն եւս ձեզ ներգրաւել, աւելի սերտացնել մեր համագործակցութիւնը, որ կապը հայրենիքի հետ ամուր ըլլայ եւ աւելի ամրապնդուի»:

«Արմէնիա» ազգագրական պարախումբը յուլիս 13-ին կը մասնակցի «Սփիւռքի հայ համայնքներու մշակութային օրերը Հայաստանի մէջ» խորագիրով համերգին, ինչպէս նաեւ Կատարողական արուեստի 5-րդ միջազգային մրցոյթին:

Պարախումբը ստեղծուած է 2000թ-ին Գրասնոյարսկի մէջ, համայնքի ղեկավար Խաչիկ Խաչատրեանի նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ:  2009թ-ին պարախումբին շնորհուած է «Ժողովրդական պարախումբ» պատուաւոր կոչումը:

Scroll Up