«Հպարտ Եմ Հայկական Արմատներ Ունենալուս համար». Կիպահայ Պատանի

Յուլիս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի անցումային փուլի բացման արարողութեան ժամանակ սփիւռքահայ պատանիներուն եւ աղջիկներուն շարքին աչքի ինկաւ թուխ մաշկով, վառվռուն աչքերով եւ աշխոյժ պահուածքով տղայ մը: Սկիզբը մտածեցի` ինչ ազգութեան կը պատկանի եւ թէ ինչպէս յաջողած է յայտնուիլ «Արի տուն» ծրագիրին մէջ. չէ՞ որ ծրագիրը նախատեսուած է միայն սփիւռքահայ երեխաներու համար: Հետաքրքրութենէ դրդուած` շտապեցի հարցուփորձ ընել: Լսելով անոր վարժ արեւմտահայերէն խօսիլը, հասկցայ, որ հայկական արմատներ ունի:
Կիպրահայ տասներեքամեայ պատանիին անունը Նորայր Բարսեղեան է: Անոր երակներուն մէջ հայու եւ եթովպիացիի արիւն կը հոսի: Նորայրին հայրը հայ է, իսկ մայրը` եթովպիացի, երկուքն ալ Եթովպիոյ մէջ ծնած են, իսկ Նորայրը ծնած եւ հասակ առած է Կիպրոսի մէջ, կը յաճախէ տեղի «Նարեկ» հայկական վարժարանը:
Նորայրին անթերի հայերէնով իր խօսքը կը բացատրուի այն փաստով, որ տան մէջ հայրիկի յորդորով ինքն ու երկու տարեկան եղբայրը միայն հայերէն կը խօսին, կը պահպանեն հայկական աւանդոյթները: Մայրիկը նոյնպէս կիսով չափ կը հասկնայ հայերէն, քանի որ ժամանակին դասընթացներու յաճախած է: Նորայրը ժպտելով ըսաւ, որ մօրը հայերէն սորվեցնելու պարտականութիւնը ինք ստանձնած է եւ պարբերաբար «տնային յանձնարարութիւններ կու տայ եւ կը ստուգէ: Ճիշդ է, ան նաեւ եթովպերէն կը խօսի, սակայն իրեն առաւել հոգեհարազատ է հայերէնը, որ, իր կարծիքով, աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ ճոխ լեզուներէն է:
«Հպարտ եմ հայկական արմատներ ունենալու համար, քանի որ հայերը տաղանդաւոր, աշխատասէր, բարի, հումորի մեծ զգացում ունեցող մարդիկ են եւ շատ դժուարութիւններու դիմացած են, նաեւ տեղեակ եմ, որ քրիստոնէութիւնն առաջինն ընդունած ժողովուրդն ենք»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Նորայրը:
Մեր զրուցակիցն առաջին անգամ կ՛այցելէ Հայաստան, միշտ երազած է գալ, մօտէն ծանօթանալ մարդոց, եւ հիմա ուրախ է, որ իր երազանքն իրականութիւն դարձած է «Արի տուն» ծրագիրի շնորհիւ: Մինչեւ Հայաստան գալը համացանցի եւ գիրքերու միջոցով ուսումնասիրած է բոլոր տեսարժան վայրերը, որոնք պիտի այցելէ ծրագիրով նախատեսուած օրակարգով: Մինչ այժմ այցելած վայրերէն շատ հաւնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին եւ Սարդարապատի յուշահամալիրը:
Նորայրը զրոյցի աւարտին խօսելով իր երազանքներուն մասին` ըսաւ, որ կը ցանկայ բժիշկ դառնալ` մարդոց օգտակար ըլլալու եւ հիւանդներուն ապաքինելու համար:
Գէորգ Չիչեան