Յովհաննէս Ներզէթեանի` «Արտաւազդ Եւ Կլէոպատրա» Վերժամանակեայ Գիրքը

Գրող, դրամատուրգ Յովհաննէս Ներզէթեանի «Արտավազդ եւ Կլէոպատրա» ողբերգութիւնը վերամշակուած եւ հրատարակուած է 2017 թուականին` հայերէն եւ անգլերէն, որ նուիրուած է Արտաւազդ թագաւորի գահակալութեան տարիներուն Հայոց պետութեան պատմութեան եւ կ՛ընդգրկէ հին հայկական դիւանագիտութեան, արարողակարգի, կենցաղավարութեան, դիւանագիտական երկխօսութեան, ծիսակատարութեան, երկիրներու ղեկավարներու հաղորդակցման եւ փոխգործակցութեան լայն նկարագրութիւն:
«Գիրքին մէջ նոր փիլիսոփայութիւն է, ուր հիմնական շեշտադրումը դրուած է ոչ թէ մարդոց ֆիզիկական, այլեւ հոգեւոր, արժէքային ողբերգութեան վրայ: Այս գիրքով նոր խօսք, նոր ըսելիք ունինք աշխարհին»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Յովհաննէս Նեզրէթեան` աւելցնելով, որ 2006 թուականին գիրքը ԳԱԱ թղթակից անդամ Արտէմ Սարգսեան ներկայացուցած է Նոպելեան մրցանակաբաշխութեան:
Ինչպէս կը հաւաստէ Յովհաննէս Ներզէթեան, գիրքը կարդալէ յետոյ գրականագէտները, պատմաբաններն ու այլ մասնագէտներ հիացական խօսքեր հնչեցուցած են` համարելով այն հատընտիր եւ ժամանակի թելադրանքով ստեղծուած աշխատանք:
Արտէմ Սարգսեան, որ գրած է յառաջաբանը, նշած է, որ այս գիրքով համաշխարհային գրականութեան մէջ նոր էջ մը բացուած է` գործը բնութագրելով իբրեւ համամարդկային արժէք եւ վերժամանակեայ աշխատանք: Իսկ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ռուբէն Մանասերեան հաստատած է, որ գիրքի սիւժէն հիմնուած է անտիկ սկզբնաղբիւրներու տուեալներու վրայ` ընդգծելով, որ ներկայացուած իրադարձութիւնները կը համապատասխանեն պատմական իրականութեան:
ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան մասնաւորապէս նշած է, որ Յովհաննէս Ներզէթեանի ստեղծագործութեան մէջ գեղարուեստօրէն կը ներկայացուի եւ կը մեկնաբանուին Արտաւազդ Երկրորդի` որպէս Հայոց արքայի գործունէութիւնը, Մարկոս Անտոնիոսի կողմէ գերեվարուիլը եւ շղթայակապ Ալեքսանտրիոյ մէջ` Կլէոպատրիայի առջեւ տարուիլը:
Ըստ Դեւրիկեանի, հեղինակը յաջողած է ստեղծել լայն կտաւի ստեղծագործութիւն, ուր ժամանակի իրադարձութիւնները կը ներկայացուին սրընթաց զարգացմամբ: Գիրքը իր գեղարուեստական արժէքներէն բացի, կարեւոր կը համարուի նաեւ իր միջազգային հնչեղութեամբ` ցոյց տալով Հայաստանի կարեւոր դերը տարածաշրջանին եւ Հռոմի` արեւելքին մէջ վարած արտաքին քաղաքականութեան:
Համաձայն վերոնշեալ կարծիքներուն, ողբերգութեան օտար լեզուներով թարգմանութիւնը, հրատարակութիւնը, բեմադրումը եւ, ընդհանրապէս, տարբեր ձեւերով հանրահռչակումը շատ կարեւոր է: Այս հարցով կ՛ակնկալուի նաեւ սփիւռքեան համայնքներու գործուն մասնակցութիւնը:
Այդ ուղղութեամբ 2018 թուականի յունուարին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը համապատասխան գրութիւն-յանձարարական ուղարկած է Թեհրանի, Գահիրէի, Լոնտոնի, Փարիզի, Մոսկուայի, Վարշաւայի, Պուխարեստի, Սոֆիայի, Իտալիոյ, Գանատայի, Հնդկաստանի ՀՀ դեսպանութիւններ եւ Լոս Անճելըսի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն` առաջարկելով հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ աշխատիլ գիրքի տարածման ուղղութեամբ` հայագիտական կեդրոններուն մէջ քննարկումներ կամ դասախօսութիւններ կազմակերպել (հնարաւոր է նաեւ հեղինակի մասնակցութիւնը), ինչպէս նաեւ հովանաւորներ, շահագրգիռ անձիք կամ կազմակերպութիւններ գտնել, անոնց հետ բանակցութիւններ վարել` աշխատութեան հիման վրայ «Արտաւազդ» վերտառութեամբ ֆիլմ կամ շարժական ֆիլմ նկարահանելու կամ բեմադրելու նպատակով, որ առեւտրական տեսանկիւնէն շահաւէտ կ՛ըլլայ: Արդէն շարք մը դեսպանութիւններու (Լեհաստան, Պուլկարիա, Անգլիա, Չեխիա) յանձնարարականի ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր ձեռնարկուած են` գիրքը հանրահռչակելու եւ հայկական գրական ժառանգութիւնը ներկայացնելու ուղղութեամբ
Գէորգ Չիչեան