Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանը

Յունիս 28-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի առաջնորդ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանը:

Շնորհաւորելով Սփիւռքի նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առթիւ` Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Հայաստանին եւ նպաստելու Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու արդիւնաւէտ համագործակցութեան: «Յեղափոխութենէն ետք  ընդհանուր դրականութեան, թափանցիկ գործելաոճի  մթնոլորտ կայ Հայաստանի մէջ: Երկուստեք ակնկալիքներ  առկայ են նաեւ Հայաստան-Սփիւռք տիրոյթին մէջ, ուր առաջնային պիտի ըլլան գործակցութիւնն ու միջոցներու  փոխօգտագործումը»,-նշեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի առաջնորդը:

Համաձայնելով հիւրի հնչեցուցած կարծիքներուն` նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդգծեց, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը դարձաւ նախ եւ առաջ անհատի վերափոխման, սիրոյ, հանդուրժողականութեան եւ ժպիտի յեղափոխութիւն: Անդրադառնալով Սփիւռքի հետ աշխատանքին` նախարարը նշեց, որ յեղափոխութիւն պէտք է ըլլայ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ` փոփոխելով աշխատանքի ու շփման որակը:

«Այլեւս պիտի չըլլայ խտրական վերաբերմունք: Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի ներկայացնէ աշխարհի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու հետաքրքրութիւնները, շահն ու իրաւունքը»,-շեշտեց Մխիթար Հայրապետեան:

Հանդիպաման աւարտին քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

 

Scroll Up