Ռազմաթատերական Ներկայացումներ Եւ Նկարահանումներ

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կը գրէ.

Պաքուի  պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժանմունքը աշխուժացուցած է ապատեղեկատուական արտադրութիւններու թափը եւ անվերջ կը խօսի նոր տարածքներ վերահսկելու նպատակով իրականացուած գործողութիւններու յաջողութիւններուն մասին:

«Վերջին տարիներուն զինուորական կարողականութիւնը էականօրէն ընդլայնուած է  եւ հիմնովին փոխուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ մեզի», յայտարարած էր պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը:

Հասանովը նաեւ ըսած էր, որ ազրպէյճանական բանակը արդէն կը վերահսկէ Լաչին տանող ճանապարհը: Պարզ է, որ հայկական կողմի համապատասխան բաժանմունքներու պաշտօնական տեղեկատուութիւնները նման յերիւրանքները որակեցին ամբողջովին իրականութեան չհամապատասխանող ապատեղեկատուութիւն:

Մինչ, Արցախի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ բացի հրադադարի հետեւողական խախտումներէն, պաշտպանութեան բանակի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ 17 յունիսին` ժամը 21:45-ի սահմաններուն, հակառակորդը Ակնայի ուղղութեամբ դիմած է հետախուզական ներթափանցման փորձի: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ անձնակազմին կողմէ ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք 6 հոգիէ բաղկացած ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու խումբը ետ շպրտուած է:

Շաբթուան ընթացքին, բացի վերոնշեալէն, շփման գիծի յարակից շարք մը տարածքներու մէջ հակառակորդը շարունակած է իրականացնել սպառազինութեան եւ ռազմական մեքենաներու աշխուժ տեղաշարժեր:

Արցախի զինուած ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումներն ու մարտավարական-հետախուզական ապահովման ծառայութիւնները աչալրջօրէն վերահսկած են եւ կը շարունակեն վերահսկել առաջնագիծի ողջ երկայնքով ստեղծուած արտակարգ իրավիճակը եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու:

Ուրեմն, պատահածները  այն են, որ շփման գիծի երկայնքով ազրպէյճանական զօրքերը կ՛իրականացնեն աշխուժ տեղաշարժեր, կուտակումներ. զուգահեռ` Պաքուի բարձրագոյն օղակներէն կը հնչեն յայտարարութիւններ լայնածաւալ պատերազմի սկսման եւ անոր իբրեւ նախապատրաստութիւն նախիջեւանեան եւ արցախեան ճակատներու ուղղութեամբ տարածքներ «ապագրաւելու» նպատակով իրականացուող գործողութիւններու յաջողութեան մասին:

Դժուար է միանշանակ հետեւութիւն ընելն ու մեկնաբանելը, թէ ինչու Պաքուն պատերազմի կեղծ գործողութիւններ ձեռնարկած է: Եթէ ընդունինք, որ Պաքուի պետութեան բնորոշ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը ներքին սպառման առաջնային առաջադրանք ունեցած է, այս պարագային եւս Պաքուի ներհասարակական իրավիճակի թէժացման նախադրեալներու հասունացման չէզոքացումով կարելի է բացատրել նման կեղծ տեղաշարժերու ձեռնարկելը: Աւելի լայն առումով` ռուս-թրքական մերձեցմամբ կամ Քրեմլինէն դէպի Ուաշինկթըն  ուղղուած երկխօսութեան նշաններու ընկալմամբ սթաթիւս քոյի փոփոխութեան հաւանականութեան նախապատրաստուելու ընդառաջ քայլեր առնելու:

Եւս մէկ հաւանական մեկնաբանութիւն. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսին եւ անոր հետեւած հաղորդագրութեան մէջ շրջանցուած է արցախեան հակամարտութեան թեման, մինչ վերահաստատուած էր Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Եւրոպական Միութիւնը կը յորդորէր կողմերուն ներգրաւուիլ այս գործընթացին առանց որեւէ նախապայմանի:

Բնականաբար նախապայմանը այստեղ առաջին հերթին կը վերաբերի արցախեան հակամարտութեան: Իսկ պարզ է, որ մեր երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը արժանացած է Եւրոպական Միութեան մօտ դրական հրապարակային արձագանգումներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը խորացնելու եւրոպական պաշտօնական կեցուածքներուն: Պարզ է, որ Պաքուն անհանգիստ է Երեւան-Անգարա առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ ներգրաւուելու յորդորներէն:

Այժմ, գետնի վրայ իրողութիւնը այն է, որ շփման գիծի երկայնքով եւ նախիջեւանեան ուղղութեամբ կան ռազմական կուտակումներ, տեղաշարժներ եւ ազրպէյճանական սեփական տարածքներու վրայ «ապագրաւման» կեղծ գործողութիւններու բեմականացումներ եւ նկարահանումներ:

Scroll Up