Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Յունիս 22-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Լեւոն Պըլխեանը եւ վարչութեան անդամ Ալեքսան Գարատանայեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Մխիթար Հայրապետեան բարձր գնահատեց Սփիւռքի մէջ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան աւանդը եւ առաւել սերտ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: «Այն դրական ներուժը, որ կայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, պէտք է վերածուի արդիւնքի: Կառավարութեան ծրագիրի առաջնային դրոյթներէն է հայրենադարձութեան գործընթացի կազմակերպումը: Մենք պէտք է ունենանք այնպիսի պետութիւն, որ բոլոր ցանկացողները կարենան վերադառնալ»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներն ընդգծեցին, որ պատրաստ են իրենց հնարաւորութիւններն ու ջանքերը ներդնել նոր Հայաստանի զարգացման գործին: Հիւրերը կարեւոր համարեցին Սփիւռքի նախարարութեան անհրաժեշտութիւնը եւ յոյս յայտնեցին, որ Սփիւռքի ներուժը կը համախմբուի ու կը ծառայէ ի շահ Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայութեան: