Հայկական Խոհանոցը Կը Ներկայացուի «Ոսկէ Պոկիւզ» Համաշխարհային Խոհարարական Մրցոյթին

Միջազգային տնտեսագիտութեան եւ ընկերութեան կառավարման մասնագէտ,  ճաշարանային, հիւրանոցային գործարարութեան  խորհրդատու եւ  «Yerevan Food Fest»-ի ղեկավար մոսկուաբնակ Աննա Մազմանեան 2016 թուականին բանակցութիւններ  սկսած էր համաշխարհային ճանաչում ունեցող «Ոսկէ Պոկիւզ» խոհարարական մրցոյթին  Հայաստանի հնարաւոր  մասնակցութեան համար: Թուրինի մէջ իրականացուած է խոհարարական մրցոյթի եւրոպական ընտրական փուլը, որուն մասնակցած է 20 եւրոպական երկիր:

Իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի մասնակցութիւնը հաւանութեան  արժանացած է, եւ մեր երկիրը կրնայ յայտ ներկայացնելով` մասնակցիլ 2020 թուականի եւրոպական ընտրական փուլին:

Հայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ  ընդգրկուած  եղած են Աննա Մազմանեան, շէֆ-խոհարարներ` ռուսաստանաբնակ Ռաֆայէլ Կազումեան եւ մարսէլաբնակ Կարէն Պօղոսեան:

««Ոսկէ Պոկիւզ» մրցոյթն առաջին անգամ կազմակերպած է ֆրանսացի շէֆ-խոհարար եւ ճաշարանատէր Փոլ Պոկիւզը` 1987 թուականին: Մեծ պահանջարկ ունեցող այդ մրցոյթին մասնակցիլը տարիներու տեւական, մանրակրկիտ աշխատանք կը պահանջէ, եւ եթէ յաջողի` կը նշանակէ, որ տուեալ երկիրն ունի հարուստ, ներկայանալի խոհանոց եւ աշխարհի հետ ուղիղ կապ` տարբեր խոհանոցներու կիրառման եւ մթերքներու ներմուծման հետ կապուած: Եւ, ի վերջոյ, մարդիկ հեշտութեամբ կրնան որեւէ երկրի պատմութեան, մշակոյթին եւ ժողովուրդին մասին պատկերացում կազմել` համտեսելով այդ երկրի աւանդական ուտեստները»,«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Աննա Մազմանեան` աւելցնելով,  որ այս միջոցով նաեւ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի ներկայացնել Հայաստանի գրաւչութիւնը, ճանաչելի դարձնել հայկական գիւղամթերքը, արտադրողները եւ նպաստել խոհանոցային զբօսաշրջութեան զարգացումը:

Աննա Մազմանեան կը կարծէ, որ Հայաստանի մէջ այս ոլորտն այնքան ալ տարածուած չէ, խոհարարական դպրոցները բարձր մակարդակի վրայ չեն գտնուիր, ուստի նախաձեռնած են նոր հեռանկարներ ուրուագծելու համար յառաջիկային  համագործակցելու Գիւմրիի «Տիրամայր արհեստի դպրոց» հիմնադրամին հետ: Կը նախատեսուի արհեստավարժ խոհարարներ հրաւիրել` վարպետութեան դասեր իրականացնելու համար:

«Այս հարցով անհրաժեշտ է նաեւ հայկական սփիւռքի հետ կապեր հաստատել, փորձի փոխանակման հրաւիրել դուրսը ապրող հայ եւ համաշխարհային խոհարարներու` օգտուելով անոնց ներուժէն: Ճիշդ է, երկար ճանապարհ ունինք անցնելու, բայց վստահ եմ` այդ փոխգործակցութենէն զգալի արդիւնք կը գրանցենք, իսկ հայկական խոհանոցը միջազգային լուրջ ճանաչում կ’ունենայ»,-ամփոփիչ խօսքին մէջ ընդգծեց Աննա Մազմանեան:

Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up