Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Ռազմիկ Փանոսեանը Եւ Համազասպ Դանիէլեանը

Յունիս 21-ին նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ու փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը  ընդունեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը եւ հայաստանեան ծրագիրներու խորհրդատու Համազասպ Դանիէլեանը:

Պարոն Փանոսեան նախ ներկայացուց հիմնարկութեան գործունէութիւնը, իրականացուցած հայանպաստ ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց ընթացիկ ծրագիրներուն: Խօսելով հիմնարկութեան առաքելութեան մասին` Ռազմիկ Փանոսեան նշեց, որ բացի կրթական ծրագիրներէն, կրթանպաստներու յատկացումներէն, կառոյցը կարեւոր կը համարէ հայագիտական գրականութեան հրատարակումը, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնը պահպանելու ու զարգացնելու ուղղութեամբ ռազմավարական նոր ծրագիրներու մշակումը:

Նախարարն ընդգծեց, որ կը գնահատէ հիմնարկութեան ազգանպաստ գործունէութիւնը, նախարարութեան հետ ունեցած գործակցութիւնը եւ յոյսով է, որ այդ կապերն աւելի կ’ամրապնդուին ու կը խորանան:

Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ առաւել սերտօրէն համագործակցելու տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ, ուր հիմնարկութիւնն արդէն ունի գրանցած յաջողութիւններ` քանի մը կրթական յաւելուածներու տեսքով:

 

Scroll Up