Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Մասնակցի Ուաշինկթընի «Ֆոլքլայֆ» Փառատօնին

Սմիթսընեան հաստատութիւնը 50 տարիէ ի վեր կը կազմակերպէ այս փառատօնը: Այս տարի արդէն 51-րդն է, որուն առաջին անգամ պիտի մասնակցի նաեւ Գաթալոնիան՝ իր բարձրագոյն ղեկավարութեան մասնակցութեամբ:
««Ֆոլքլայֆ»-ը սովորական ցուցահանդէսային փառատօն չէ, անիկա կենդանի ձեւով կը ներկայացնէ տուեալ երկրի կենցաղավարման կեանքը, արհեստը, խոհանոցը եւ այլն: Ամէն տարի կ՝ըլլայ տարբեր ուղղուածութիւն ու նիւթ: Այս տարի գլխաւոր հերոսը վարպետն է, որուն միջոցով ցոյց պիտի տրուի այսօրուան արհեստը, աւանդոյթները, խոհանոցը՝ կապը պահելով անցեալի հետ: Գաղափարը այն է, թէ ինչպէս այդ արհեստները պահպանուած ու փոխանցուած են սերունդներուն»,- ըսած է Լեւոն Աբրահամեան:
Ծրագիրին հիմքը բնութենէն դէպի տուն միտքն է: Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ներկայացուի խաչքարագործութիւնը, կաւագործութիւնը, փայտագործութիւնը, գորգագործութիւնը: Ըստ Լեւոն Աբրահամեանի՝ նախատեսուած է նաեւ խաչքարի օծման արարողութիւն:
Այնտեղ պիտի աշխատին դարբինները՝ ցոյց տալով այս արհեստի հետաքրքրական կողմերը: Քարագործներու, դարբիններու կողքին պիտի ըլլան նաեւ գորգագործները, որոնք տեղւոյն վրայ պիտի գործեն քանի մը տեսակ գորգ:
Յաջորդ ուղղութիւնը ասեղնագործութիւնն է, որ պիտի ներկայացուի սուրիահայերու միջոցով: Լեւոն Աբրահամեան ընդգծած է, որ փառատօնը պիտի ունենայ անմիջական բնոյթ, այդ ամբողջ ծրագիրներուն պիտի ընդգրկուին այցելուները, պիտի տեսնեն, թէ ինչպէս կը պատրաստուի այս կամ այն իրը, պիտի ունենան իրենց մասնակցութիւնը:
«Փառատօնին հայաստանեան մասնակցութեան ծրագիրի կարեւոր բաղադրիչներէն է խոհանոցը: Ջանք ու եռանդ չենք խնայած հայկական խոհանոցի լաւագոյն ուտեստները պատշաճ ներկայացնելու գործին: Նախ` այնտեղ պիտի ըլլայ թոնիր: Հացթուխները այդ ամբողջ ընթացքին ցոյց պիտի տան լաւաշ թխելու գործընթացը եւ թխելէն ետք պիտի հիւրասիրեն այցելուները: Պիտի ներկայացուի փախլաւայ, թել պանիր, տոլմա, չիրեր, քաղցր սուճուխ, Հայաստանի բերքն ու բարիքը, անուշահամ գինին»,- ըսած է ազգագրագէտը:
Լեւոն Աբրահամեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ պիտի ստեղծեն քարանձաւային միջավայր, ուր փոքրիկները պիտի մասնակցին պեղումներուն: Իբրեւ արդիւնք՝ փոքրիկները պիտի գտնեն Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած ամենահին կօշիկի յուշանուէրային տարբերակը: Լեւոն Աբրահամեան նշած է, որ գործի դրած են նաեւ ճարտարագիտական լուծումները:
Այս ամբողջ ձեռնարկները պիտի ուղեկցուին հայկական երգ ու պարով: Լեւոն Աբրահամեան նշած է, որ ոչ միայն գաթալոնացիներու հետ շուրջ պար պիտի բռնեն, այլեւ փառատօնի ընթացքին այցելուներուն հայկական պարեր պիտի սորվեցնեն:
Փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 8: Յուլիս 4-ը ԱՄՆ-ի անկախութեան օրն է, եւ սովորաբար Ուաշինկթըն կ՝երթան մեծ թիւով այցելու: Հաշուարկները ցոյց կու տան, որ այս փառատօնը միջինը պիտի ունենայ 500 հազար այցելու:
«Կու գան ընտանիքներով, փոքրիկներով: Զբօսաշրջութեան, Հայաստանը ճանաչելի դարձնելու տեսանկիւնէն շատ կարեւոր ձեռնարկ է, անիկա լուրջ խթան պիտի ըլլայ այդ ոլորտի զարգացման»,- աւելցուցած է Լեւոն Աբրահամեան: Փառատօնի աւարտը նախատեսուած է Յուլիս 8-ին, եւ քանի որ այս տարի Վարդավառը կը նշուի այդ օրը, հետեւաբար եզրափակիչ հատուածը պիտի ըլլայ իրարու վրայ ջուր ցօղելը: