Սուրիահայ Սեւան-Հանէշեան-Պետուրեանի Հոգիի Թռիչքը Բանաստեղծութիւն Դարձած Է

Սուրիահայ երիտասարդ բանաստեղծ Սեւան Հանէշեան–Պետուրեան  ծնած է  Քեսապ: Աւարտած է Լաթաքիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան  բաժինը: Երկամեայ ծրագիրով Հալէպի մէջ հայագիտութիւն  ուսումնասիրած է:

Սեւանի ամուսինը` Տէր Գարեգին քահանայ Պետուրեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Սուրբ Քառասնից Մանկաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է, եւ ատիկա է պատճառը, որ անոնք այժմ ԱՄՆ կ՛ապրին: Սակայն Քեսապի եւ Հայաստանի հետ կապը երբեք չեն խզած: Այս անգամ նոյնպէս անոնք Հայաստան եկած էին` շրջելու տեսարժան, պատմամշակութային վայրերով եւ նոր հրատարակած գիրքը ներկայացնելու Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանին: Վերջինս, ջերմ ընդունելութեան արժանացնելով երիտասարդ գրողը եւ բարձր գնահատելով գիրքի լոյս ընծայումը, անոր առաջարկած է Հայաստանի մէջ գիրքի շնորհանդէս կազմակերպել:

Յունիս 15-ին Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ տեղի ունեցած է Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանի «Արեգակնատենչ հորիզոններ» բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուի շնորհանդէսը:

Գիրքը բաժնուած է 10 մասի, ուր բանաստեղծն արտացոլած է իր հոգիի թռիչքը, երազները, մտորումներն ու յոյզերը, որոնք կը բացայայտեն գրողի ստեղծագործական ներաշխարհը: Ան բանաստեղծութիւններու միջոցով կ՛արտայայտէ նաեւ իր սէրը ծննդավայր Քեսապի հանդէպ, վերյուշի տեսքով կը ներկայացնէ դրուագներ մանկութենէն եւ պատանեկութենէն:

Հետեւելով արմատներու կանչին` Սեւանն ամուսնուն հետ ուխտագնացութեան  մեկնած է Արեւմտեան Հայաստան, այցելած Անին, Վանը, տեսած են Սիսի Կաթողիկոսարանի, Մշոյ Սուրբ Առաքելոց եւ միւս վանքերու աւերակները, որոնցմէ ստացուած տպաւորութիւներուն հիման վրայ բանաստեղծութիւններ  գրած է:

«Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ եմ, բայց շատ կը սիրեմ հայոց լեզուն, հայագիտութիւնը, քանի որ կը գիտակցիմ, որ Սփիւռքի մէջ լեզուն ազգային ինքնութեան պահպանման հիմքն է:Այդ միտքն ինծի առաջ մղեց` գիրքը հրատարակելուս»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Սեւան Հանէշեան-Պետուրեան` աւելցնելով, որ Քալիֆորնիոյ մէջ` իր երեխաները հայկական դպրոց կը յաճախեն, իսկ տան մէջ միայն հայերէն կը խօսին: Գիրքի շնորհանդէսը կը նախատեսուի նաեւ Քեսապի եւ ԱՄՆ-ի մէջ:

Սեւան–Հանէշեան-Պետուրեանի բանաստեղծութիւնները լոյս  տեսած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հրատարակուող բազմաթիւ թերթերու մէջ: Հայաստանի մէջ անոր  բանաստեղծութիւնները տպագրուած են «Գարուն» եւ «Նարցիս» հանդէսներուն մէջ:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up