Հայուհիի` Հայկական Փլաւի Բաղադրատոմսն Ամենաճանչցուած Ապրանքանիշն Է ԱՄՆ-ի Մէջ

Փայլածու Քապտանեանի կեանքը ԱՄՆ-ի մէջ շատերուն համար  յայտնի է. որպէս 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած հայուհին, անցնելով աքսորի տանջալից ճանապարհով, կը յայտնուի ԱՄՆ, կը վերգատնէ իր ընտանիքը ու կը  դառնայ Ամերիկայի ամենայայտնի`«Բրինձ վերմիշելով» բաղադրատոմսի հեղինակը:

Փայլածու Քապտանեանի` մինչեւ 1915 թուականի կեանքի մասին քիչ  բան  յայտնի է: Ծնած է 1882 թուականին, ստացած է եւրոպական փայլուն կրթութիւն, Ցեղասպանութեան տարիներուն ամուսնուն մահէն ետք  իր երեք երեխաները կը յանձնէ Օսմանեան կայսրութենէն փախչող յոյն ընտանիքի մը, իսկ ինք հազարաւոր հայերու հետ կը յայտնուի սուրիական անապատին մէջ:

Փայլածուն դարձաւ  այն քիչերէն մէկը, որ յաջողեցաւ  անապատէն հասնիլ Հալէպ, ուրկէ եւ արտագաղած էԱմերիկա` իր զաւակները փնտռելու:

Ամբողջ պատմութիւնը, որ տեղի  ունեցած է Փայլածոյի հետ հայ ժողովուրդին համար ողբերգական ժամանակաշրջանի մէջ, նկարագրուած է անոր ֆրանսերէն «Արտաքսուածի յուշեր» («Mռmoires D’une Dռportռe», 1919 թուական) գիրքին մէջ, որ հիմք  ծառայած է հրէական ծագմամբ լեհ եւ ամերիկացի իրաւաբան, «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հեղինակ եւ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի պայմանադրութեան հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմկինի հետազօտութիւններուն համար:

Գտնելով  իր զաւակները` Փայլածուն 1920-ական թուականներուն կը  հաստատուի Նիւ Եորքի մէջ, ուր կը սկսի դերձակ աշխատելու ԱՄՆ 32-րդ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելտի առանձնատան մէջ:

Արդէն 1940-ական թուականներուն Քապտանեան ընտանիքը կը  տեղափոխուի Սան Ֆրանսիսքօ (Քալիֆորնիա): Այնտեղ Փայլածուն կը  ծանօթանայ իտալա-ամերիկեան ծագմամբ, Տէ Տոմենիկօ ազգանուամբ ճանչցուած ձեռնարկատիրոջ որդիներուն հետ, որ «Golden Grain» մաքարոնեղէնի ընկերութեան սեփանկանատէրն էր:

Փայլածուն, որ այդ ժամանակ արդէն 70 տարեկան էր, իտալացի ընտանիքին սորվեցուց  ոչ միայն պատրաստած հայկական խոհանոցի տարբեր կերակրատեսակներ, այլեւ  անոնց հետ կիսուեցաւ իր` «հայկական փլաւ վերմիշելով» բաղադրատոմսով, որ «Rice-A-Roni» անունով դարձաւ ԱՄՆ-ի ամենաճչցուած ապրանքանիշը շուկային մէջ:

Քապտանեան մահացած է 1968 թուականին: Աքսորի ճանապարհի մասին անոր գրած օրագիրն այսօր թարգմանուած է աշխարհի  շարք մը լեզուներով, իսկ հայկական փլաւի բաղադրատոմսն արդէն 60 տարի կը համարուի ամենանապահանջուածը ԱՄՆ-ի մէջ:

Scroll Up