Ինչպէս Գիւմրեցի Երիտասարդ Հայուհին Նուաճեց «Մոսֆիլմը ». Ժաննա Մելքոնեան
Վերջերս Մոսկուայի Համառուսաստանեան զարդական-կիրառական եւ ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է Ռուսաստանի վաստակաւոր նկարիչ, Ռուսաստանի շարժանկարիչներու միութեան անդամ Ժաննա Մելքոնեանի անհատական ցուցահանդէսը, որուն ծիրէն ներս ներկայացուած են սովետական եւ ռուսական ճանչցուած ֆիլմերու համար ստեղծուած նկարիչի աշխատանքները եւ նախագիծերը:
«Հայերն այսօր»-ը,յղում կատարելով Rusarminfo-ին, կը նշէ, որ Ժաննա Մելքոնեան ծնած է 1948 թուականին` Լենինականի մէջ (այժմ` Գիւմրի): 17 տարեկան հասակին մեկնած է Մոսկուա եւ ընդունուած Տեքստիլ հիմնարկի (այժմ` Մոսկուայի պետական գործուածքի հիմնարկ) կիրառական արուեստի բաժին, ուր սովետական տարիներուն պատրաստած են նկարիչ-ձեւաւորողներ:
1973 թուականին Ժաննա Մելքոնեանի դիպլոմային աշխատանքը ոսկէ մետալի արժանացած է Պուտապեշտի մէջ կայացած միջազգային ցուցահանդէսին:
Ժաննա Մելքոնեան «Մոսֆիլ» ֆիլմի արուեստանոցին մէջ որպէս նկարիչ-ձեւաւորող սկսած է աշխատիլ 1977 թուականէն: Անոր առաջին աշխատանքը եղած է Էլտար Ռեազանովի «Ծառայողական սիրավէպ» ֆիլմին մէջ: Այնուհետեւ յաջորդած են սովետական եւ ռուսական շարք մը ֆիլմեր, որոնց շարքին են` Էտմոնտ Քէոսայեանի «Յուսոյ աստղ» (1977), Իւան Կիասաշուիլիի «Կանայք կը հրաւիրեն տղամարդոց» (1980), Էմիլ Լոտեանուի «Աննա Պաւլովա» (1980), Վատիմ Աբդրաշիտովի «Պարողներու ժամանակը» (1996) եւ այլն:
Ժաննա Մելքոնեանի ամենաճանչցուած աշխատանքը եղած է Վլատիմիր Մենշովի «Մոսկուան արցունքներուն չի հաւատար» ֆիլմը (1978), որ դարձած է ոչ միայն սովետական մարդոց ամենասիրելի ֆիլմը, այլեւ արժանացած է «Օսկար» մրցանակի:
Ստեղծագործական աշխատանքին ընթացքին ճանչցուած հայ նկարչուհին մասնակցած է տասնեակ ցուցահանդէսներու ինչպէս Ռուսաստանի, այնպէս ալ արտերկրի մէջ, ունեցած է շարք մը անհատական ցուցահանդէսներ, ներառեալ` 2016 թուականին Մոսկուայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տաճարային համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ:
Այսօր Ժաննա Մելքոնեանի աշխատանքները կը գտնուին Տրետեակովեան պետական պատկերասրահի հաւաքածուին մէջ, ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Մալթայի, Գերմանիոյ մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ:
Վերջին տարիներուն Ժաննա Մելքոնեան ինքզինքը ամբողջովին նուիրած է գեղանկարչութեան, ինչպէս կ՛ըսեն անոր գործընկերները` ֆիլմի սենարի գրութեամբ անցում կատարած է սեփական զգացմունքներու գրութեամբ: Ժաննա Մելքոնեան իր աշխատանքներուն մէջ յաճախ կը պատկերէր Հայաստանը, վերջինիս բնութիւնը եւ նկարիչին հարազատ մարդիկը: