«Արի Տուն», «Իմ Հայաստան» Եւ «Ամառնային Դպրոց» Ծրագիրները Ժամանակաւորապէս Պիտի Յետաձգուին
Յունիս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի նախարարութեան 2018 թուականի ծրագիրներու ճակատագիրը» թեմայով մամուլի ասուլիս: Զեկուցողներն էին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան ու «Հայրենիք–Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Յակոբ Ասլանեան:
Ասուլիսի ժամանակ նախարարը նշեց, որ ծանօթանալով «Հայրենիք-Սփիւռք» կեդրոն ՊՈԱԿ-ի միջոցով իրականացուած յայտերուն եւ ֆինանսական ծախսերուն` ի յայտ եկան մտահոգութիւններ. մասնաւորապէս նախարարը չբացառեց, որ 2018 թուականի պետական պիւտճէով հաստատուած ծրագիրները, որոնք դեռեւս չեն իրականացուած, բայց ատոնց համար տեղի ունեցած են համապատասխան մրցոյթներ, կրնան պարունակել կաշառակերութեան վտանգներ:
Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ պէտք է որոշում կայացուէր` ծրագիրներն իրականացնել, կասեցնել կամ ժամանակաւորապէս յետաձգել: Որոշուեցաւ ծրագիրները ժամանակաւորապէս յետաձգել:
Շուտով պէտք է իրականացուին ստուգումներ ֆինանսական ծախսերու ու տեղաշարժերու հետ կապուած: Այս առիթով նախարարը հանդիպած է պետական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանի հետ ու ներկայացուցած իրավիճակը: Կողմերը համաձայնութեան եկած են գործակցիլ այս ոլորտին մէջ: Դաւիթ Սանասարեանի յանձնարարականով պիտի իրականացուի հաշուեքննութիւն:
Ծրագիրներու ժամկէտներու մասին տեղեկատուութիւն կը տրուի յառաջիկային: