«Կառուցենք Վաղուան Հայաստանը Եւ Սփիւռքը» Խորագիրով Համաժողով Ֆրանսայի Մէջ

Յունիս 3-ին Փարիզի մէջ կայացաւ «Հայասսա» դաշնութեան  փարիզեան համաժողովը` նշանաւոր Անաքօ տափանաւին մէջ, որուն ծիրէն ներս խորհուրդի հիմնադիր անդամները, ինչպէս նաեւ դաշնութեան  ընդգրկուած միութիւններու նախագահները ներկայացուցին իրենց յառաջիկայ ծրագիրները, խօսեցան Սփիւռքի մէջ առկայ օրհասական խնդիրներու մասին, կազմեցին նոր աշխատանքային խումբեր, նոր անդամներու գրանցման գործընթացք եւ մշակուեցաւ օրակարգ` Հայաստան-Սփիւռք մերձեցման յառաջիկայ ծրագիրներու իրագործման համար:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն դաշնութենէն, «Կառուցենք վաղուան Հայաստանը եւ Սփիւռքը» խորագիրով համաժողովի ծիրէն ներս ելոյթ ունեցաւ համաժողովի հիմնադիր Հայկ Շահինեան, համաժողովին մէջ ընդգրկուած   շարք մը միութիւններու նախագահներ` Ինֆօ Արմէնի մետիայի հիմնադիր, ինչպէս նաեւ դաշնութեան «Միտք» միութեան նախագահ Նարեկ Ոսկանեան, «Ազատ Ձայն» միութեան նախագահ եւ Ինֆօ Արմէնի մետիայի հիմնադիր անդամ Վիգէն Ագոպոֆֆ, ինչպէս նաեւ Նարէ Թադեւոսեան, որ կը հանդիսանայ Ինֆօ Արմէնի մետիայի հիմադիր անդամ, Հայաստանի հետ կապերու պատասխանատու եւ դաշնութեան համակարգողը Փարիզի ու ատոր շրջակայքը, Շուշանիկ Զոհրաբեան, որ կը հանդիսանայ Ինֆօ Արմէնի մետիայի հիմնադիր անդամը եւ  «Հայասսա» դաշնութեան «Միտք» միութեան մշակութային վերլուծաբանը:

«Հայասսա» ժողովրդավարական մարմինը ստեղծուած է 2016 թուականին, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ, մասնաւորապէս` Փարիզի, Լիոնի, Մարսելի, Սթրասպուրկի, Լիլուի, Նիսի մէջ բնակող հարիւրաւոր անդամներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ: Այս կառոյցին նպատակն է նոր շունչ հաղորդել Ֆրանսայի հայ համայնքին` համախմբելով բոլոր կամաւորներն, անհատներն ու միութիւնները համերաշխութեան, համախմբման, համընդհանուր աշխատանքի, ազատ ինքնարտայայտման եւ փորձի փոխանակման ծիրին մէջ:

Իրենց խօսքին մէջ կազմակերպիչները նշեցին, որ «Հայասսան» նպատակ ունի կամուրջ դառնալ երկու երկիրներուն միջեւ: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ժողովրդավարական խորհուրդը պատրաստ է նպաստելու եւ ազդակ հաղորդելու հայկական տարբեր ոլորտներու գործունէութեան զարգացման ու հայանպաստ տարբեր ծրագիրներու իրականացման: «Հայասսա» դաշնութեան գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկը հայրենադարձութեան կազմակերպումն է, որմով կը զբաղի նոյն կառոյցին մէջ գործող «Վերադարձ» միութիւնը: Համագումարի ծիրէն ներս  «Վերադարձ» միութեան նախագահ Տաթեւիկ Դադիւանեան նշեց, որ միութեան  երիտասարդ անդամները մտադիր են հայկական տեղական իշխանութիւններուն հետ ընդհանուր գործողութիւններու միջոցով մշակել տարբեր ծրագիրներ` խթանելու եւ օժանդակելու հայերու վերադարձը Հայաստան:

Իսկ ահա «Հայասսա» դաշնութեան  անդամ Անի Յովհաննիսեան խօսեցաւ  Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման կարեւորութեան մասին: «Հայասսա» դաշնութեան ստեղծման օրուընէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը կը ծաւալէ նաեւ Ինֆօ Արմէնի միակ հայ-ֆրանսական համացանցային հեռուստաալիքը, որ կը լուսաբանէ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերու քաղաքական, հասարակական, մշակութային, իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ հեռուստակամուրջներ Հայաստան բնակող տարբեր բնագաւառներու լաւագոյն մասնագէտներու հետ:

Դաշնութեան նախագահ Հայկ Շահինեան ներկայացուց դաշնութեան մէջ արդէն իսկ ընդգրկուած եւ համալրուող կառոյցները, որոնք են  «Ազատ ձայն», «Միտք», «Հայ Հելփ», «Արարատ-Սփիւռք», «Միասին» եւ այլ ֆրանս-հայկական միութիւններ, որոնք միտուած են խթանելու հայերու` բոլոր ոլորտներուն մէջ մտածելակերպի զարգացման (պատմական, քաղաքական, ռազմավարական գիտելիքներ), պաշտպանելու հայ ժողովուրդի շահերը քաղաքական դաշտին մէջ, իրագործելու տարբեր կրթական ծրագիրներ եւ այլն:

«Հայասսա» դաշնութեան կազմին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ նաեւ «Բիզկոպ» միութիւնը, որ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ գործող հայ ձեռնարկատէրերու գործարար ծրագիրներու համագործակցութեան ուղղութեամբ:

Նշենք, որ սա «Հայասսա» դաշնութեան սոյն թուականի երկրորդ համագումարն է, առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ մայիս 17-ին, Լիոնի շրջակայքը գտնուող` Տեսսին Շարպիօ քաղաքին մէջ:

Scroll Up