Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովը Շարունակեց Իր Աշխատանքը

Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը շարունակեց աշխատանքը 4 թեմատիկ նիստերով:
«Թաւշեայ յեղափոխութեան արձագանքները մամուլի մէջ» թեմատիկ նիստը վարեցին «Հայրենիք» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զաւէն Թորիկեան (ԱՄՆ) եւ «Պայքար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան (ԱՄՆ):
«Սա Հայաստանն է եւ վերջ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Անի Եփրեմեան:
Քուէյթէն լրագրող, հրապարակախօս Կիրակոս Գույումջեան «Խաղաղ յեղափոխութեան ծնունդ նոր Հայաստանը» ելոյթին մէջ նշեց, որ Սփիւռքի մէջ ժողովուրդը անհամբեր կը հետեւի Հայաստանի մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն:
«Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան (Չեխիա) «Թաւշեայ յեղափոխութեան չեխական արձագանքները, որոշ հատուածներ ալ գերմանական մամուլէն թեմայով զեկուցում ներկայացուց:
ՀԲԸՄ ՀԵԸ Լիբանանի մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան հանդէս եկաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան գաղափարախօսութիւնը եւ սփիւռքը» թեմայով:
«Թաւշեայ յեղափոխութեան անդրադարձը միջազգային մամուլին մէջ եւ անոր քաղաքական նշանակութիւնը» թեմայով ելոյթ ունեցաւ «Արաքս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մովսէս Քեշիշեան (Իրան):
«Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական ՀԿ նախագահ, ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Աստղիկ Աւետիսեան ներկայացուց Թաւշեայ յեղափոխութեան» հրապարակայնացման եւ հանրայնացման գործիքներու եւ արհեստագիտութիւններու կիրառման առանձնայատկութիւնները:
Առաջին թեմատիկ նիստը «Թաւշեայ յեղաղոխութեան անդրադարձը սփիւռքի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ» թեմայով ելոյթով եզրափակեց «Հայաստան» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դաւիթ Այվազեան (Յունաստան):
Երկրորդ նիստի թեման էր «Հայաստանի 1-ին Հանրապետութեան ստեղծումը եւ հայ լրագրութիւնը»: Նիստը վարեցին «Խօսնակ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան), «Արմէնիա» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Գազանճեան (Արժանթին), Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան:
«Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Նարինէ Նազարեան ներկայացուց զեկուցում «Առաջին հանրապետութեան տարեկիցը. անցեալի, ներկայի եւ ապագայի լրատուամիջոց. Արմէնփրես 100» թեմայով:
«Հայ գրական մամուլը` արիւնաբար մայր երակը Հայոց պետականութեան կերտման, ամրապնդման հոլովոյթին մէջ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ «Ծաղիկ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Տունայեան (Լիբանան):
«Ազատ Օր» օրաթերթի թղթակից Յովսէփ Բարազեան (Յունաստան) ելոյթ ունեցաւ «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը»:
Երրորդ` «Հայ լրագրութիւնը խորհրդային միութեան տարիներուն» թեմայով նիստը վարեցին «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Նարինէ Նազարեան, Ասկերանի շրջանային «Բերդ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վալերի Պետրոսեան:
Ելոյթ ունեցան «Պայքար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան (ԱՄՆ)` «Սփիւռքի հայ լրագրութիւնը խորհրդահայ 71 տարիներուն», «Պայքար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Պայծիկ Գալաջեան (ԱՄՆ)` «Խորհրդահայ մամուլի ազդեցութիւնը սփիւռքահայու ինքնութեան կերտման վրայ», «Ժամ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Գիվարգիզեան (Ռուսաստան)` «Մամուլ եւ պետականութիւն. պատմութիւն, օրինաչափութիւններ, միտումներ» թեմաներով:
Համաժողովի առաջին օրուան վերջին` չորրորդ «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» թեմատիկ նիստը վարեցին ՀԲԸՄ ՀԵԸ Լիբանանի մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան, «Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական ՀԿ նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան:
«Լրագրութիւնը առինքնող եւ վտանգաւոր ասպարէզ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ «Խօսնակ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան):
«Հայ տեղեկատուակեդրոն» տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի Ռուսաստանի եւ Ապխազիոյ մէջ ներկայացուցչութեան ղեկավար Սաիտա Օհանեան (Ռուսաստան) ելոյթ ունեցաւ «Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր օրը» թեմայով:
Տեղի ունեցաւ քննարկում Սփիւռքի հայ մամուլի արդի խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու վերաբերեալ:
Համաժողովի առաջին օրը եզրափակուեցաւ Սփիւռքի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու այցելութեամբ ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակ: