Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Պալաշիխայի ՄԷջ

Ապրիլ 29-ին ՌԴ Պալաշիխա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ, որ արդէն երրորդ տարին կ’իրականացուի քաղաքին մէջ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկը, որ կազմակերպած էր «Նոյ» հայկական կրթամշակութային կեդրոնը, կայացած է Պալաշիխայի մշակոյթի տան մէջ, որ հայկական համայնքին տրամադրած էր քաղաքի ղեկավարութիւնը: