Ալմաթիի «Մասիս» Հայկական Համայնքն Արագ Քայլերով Առաջ Կ’երթայ
Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքի «Մասիս» հայկական համայնքը ստեղծուած է 2014 թուականին: Չնայած առկայ դժուարութիւններուն, համայնքն արագ քայլերով առաջ կ’երթայ եւ կը կազմաւորուի` ապաւինելով տեղի հայերու բարեխիղճ աշխատանքին եւ հոգատար վերաբերմունքին:
Համայնքի հիմնադրմանը զուգընթաց` Մայրենիի պահպանման, Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդներուն հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու նպատակով կիրակնօրեայ հայկական դպրոց բացուած է` բաղկացած փոքրերու եւ աւագներու խումբերէ: Կը գործէ կանանց միութիւնը (նախագահ` Ռիմա Ցականեան) եւ «Արաքս» պարախումբը (ղեկավար` Արթուր Յովհաննիսեան), որ աշխուժօրէն ելոյթ կ’ունենայ ոչ միայն համայնքային, այլեւ ղազախական ձեռնարկներուն` ներկայացնելով հայկական մշակոյթը:
Համայնքէն ներս կը կազմակերպուին մշակութային երեկոներ, հայ մեծերուն նուիրուած ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ կը նշուին ազգային, եկեղեցական եւ պետական տօները, որոնք մեծ ոգեւորութեան եւ համախմբման կրկնակի առիթ կը դառնան:
«Ամէն ինչ կ’ընենք հայ երիտասարդներուն Հայրենիքով խանդավառելու եւ Հայաստանի մասին բազմաբնոյթ տեղեկատուութիւն տալու համար, որուն վառ ապացոյցներէն է դպրոցական արձակուրդներու ընթացքին ինքնատիպ ճամբարներու կազմակերպումը` աշակերտներու հանգիստը համատեղելով հայրենագիտութեան եւ հայրենաճանաչութեան օգտակար դասընթացներու հետ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ համայնքի փոխնախագահ Արամ Նաւասարդեան` աւելցնելով, որ անոնց համար ճամբարին մէջ հայոց պատմութեան, մշակոյթի, երգ-երաժշտութեան եւ այլ թեմաներուն առնչուող քննարկումներ կը կազմակերպուին, հայկական մանկական ֆիլմներ կը ցուցադրուին եւ անոնց կ’ուղեկցին այնպիսի թանգարաններ, ուր Հայաստանի մասին տեղեկատուութիւն կան կամ հայկական թեմաներով ցուցանմուշներ պահպանուած են, նոյնիսկ երեխաներն իրենց ձեռքերով ուտեստներ կը պատրաստեն:
Արամ Նաւասարդեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ալմաթիի մէջ մօտ 2000 հայ կ’ապրի: Անոնք ներգրաւուած են Ղազախստանի հասարակական կեանքի տարբեր` ոսկերչութեան, շինարարութեան, արհեստագործութեան, արուեստի, գործարարութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Համայնքային կեանքի զարգացման գործին մէջ ան մեծապէս կարեւորեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը` յատկապէս առանձնացնելով սփիւռքի կրթօճախներուն դասագիրքերու եւ ուսումնաօժանդակ նիւթերու տրամադրման ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս իրենց դպրոցին նոյնպէս դասագիրքեր առաքուած են: Մեր զրուցակիցը նաեւ ըսաւ, որ կը փորձեն պարբերաբար մասնակցիլ նախարարութեան կողմէ իրականցուող ծրագիրներուն, ինչպէս օրինակ` «Արաքս» պարախումբը մասնակցած է «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին:
Արամ Նաւասարդեան շեշտեց նաեւ, որ ընդառաջելով սփիւռքեան համայնքներուն մէջ մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100, Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացման յորդորին, անպայման պիտի կազմակերպեն յոբելենական ձեռնարկները, պիտի ոգեկոչեն Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած 30-րդ տարելիցը:
Արամ Նաւասարդեան, ամփոփելով զրոյցը, խորին երախտագիտութիւն յայտնեց համայնքի աջակից Էռնեստ Վարդերեսեանին` համայնքային տարաբնոյթ խնդիրներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:
Գէորգ Չիչեան