Վահան Թէքէեանի 140-Ամեակի Յոբելենական  Հանդիսութիւնը Վերածուեցաւ Հայրենիք-Սփիւռք  Համագործակցութեան Նոր Որակի, Համաժողովրդային Ոգեւորիչ Ու Ամրապինդ Վերանորոգ Կամուրջի Մը Ստեղծման Բարձրարուեստ Արտայայտութեան

Շաբաթ, 7 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»ին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայ ու սփիւռքահայ քերթողական գրականութիւնները կամրջող մեծագոյն բանաստեղծին՝ Հայ «Բանաստեղծութեան Իշխան» Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւն, որ զգեցաւ Հայրենիք – Սփիւռք համագործակցութեան նոր որակի, համաժողովրդային ոգեւորիչ ու ամրապինդ վերանորոգ կամուրջի մը ստեղծման բարձրարուեստ արտայայտութեամբ:

Յոբելենական հանդիսութիւնը նախաձեռնող եւ կազմակերպող «Ծաղիկ» Գրական Ազգային հանդէսի խմբագրութիւնը, ձեռնարկէն օրեր ու շաբաթներ առաջ, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ստացած էր շնորհաւորական բազմաթիւ «Ողջոյնի Գիր»եր, որոնց շարքին՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէն, որ իր գրաւոր գնահատանքն ու խանդավառութիւնը կը յայտնէր սոյն միջոցառման առիթով: Տեղին է աւելցնել, թէ այդ գրաւոր արտայայտութիւնները տեղ գտան հանդիսութեան օրը ներկաներուն բաշխուած 52 էջնոց հարուստ գրքոյկի մը մէջ:

Արդարեւ, հանդիսութիւնը՝ որ կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Շահէ եպսկ. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատուաւոր ներկայացուցիչներ, գրական, մշակութային, կրթական անուանի դէմքեր, տարբեր յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, աւելի քան 150 գրասէր ներկաներ, որոնցմէ շատեր տեղի չգոյութեան պատճառով հարկադրուեցան նստիլ դրան մուտքին՝ ջանալով հետեւիլ յայտագիրին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ համայնքիս ծանօթ եւ սիրուած հաղորդավարուհի, լրագրողուհի Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան, որ իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ յետոյ ներկաները, մասնաւորապէս ըսաւ, որ Վահան Թէքէեան դարաւոր անցեալէն ներկային ու ապագային նետուած լուսաւոր կամուրջ մըն է, հայ սերունդները հայերգութեան անմար կրակով զինող մեծ բանաստեղծ մը, որ իր մէջ կը խտացնէ պատմական ժամանակաշրջաններ, մեր ժողովուրդի հերոսական պայքարներու, յոյզերու եւ յաղթանակներու, նահատակութեան եւ վերյառնումի ճակատագրորոշ հանգրուաններ, անկիւնադարձներ:

Ապա հրաւիրուեցաւ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ յատկապէս անդրադառնալով Թէքէեանի 6 քերթողագիրքերուն եւ անոնց մէջ ամփոփուած մեծարժէք բանաստեղծութիւններուն, բայց կեդրոնանալով բանաստեղծին մասնաւորապէս «Եկեղեցին Հայկական», «Հաշուեյարդար» եւ Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծութիւններուն ըսաւ, որ յիշեալ գործերը գալիք դարերուն ալ ապահովապէս պիտի պահեն իրենց հնչեղութիւնը, ազգային ու համամարդկայնական հզօրութիւնը: Ան գնահատեց հանդիսութեան կազմակերպիչ «Ծաղիկ»ի աշխատանքը եւ խրախուսեց որ հայ սերունդները դաստիարակուին Թէքէեանի շունչով:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Ծաղիկ»ի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան, որ ողջունելէ ետք հանդիսականները, մասնաւորապէս ըսաւ. «Աշխարհաքաղաքական իրարընդդէմ մարտերէ, բազմաթիւ շրջաններու մէջ շարունակուող ջարդերէ, արիւնահեղութենէ, մարդու կողմէ մարդուն դէմ անասնային վերաբերումէ հեռու, այս սրահին մէջ հաւաքուած կը նշենք ազգային տիտանի մը, համամարդկային չափանիշով մեծութեան մը, Մեծ Մարդու մը, իմաստասէր քերթողի մը, Հայ «Բանաստեղծութեան Իշխան» Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեայ յոբելեանը»: Ան իր բերկրանքը յայտնելով յատկապէս հայրենի եւ սփիւռքահայ նոր սերունդներու մօտ Թէքէեանի գրականութեան նկատմամբ տակաւ աճող հետաքրքրութեան ու սէրին՝ ըսաւ. «Վահան Թէքէեանի յոբելեանի այս նշումը՝ Սարդարապատի հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տարին, կը զուգադիպի անկախացեալ Հայաստանի նորընտիր 4-րդ նախագահին՝ Արմէն Սարգսեանի Երեւանի մէջ կայանալիք երդման հոգեպարար արարողութենէն նուազ քան 48 ժամ առաջ…»: Տիւնեայեան մէկիկ-մէկիկ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց յայտագիրի բոլոր մասնակիցներուն՝ բանախօս, գրականագէտ  Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին, Հայ «Ասմունքի Իշխանուհի» Տիկին Սիլվա Կոմիկեանին, հանդիսավարուհի Տիկին Նազելի Էպէեան-Նալպանտեանին, արուեստագէտ երիտասարդ ջութակահարներ Արէն, Ալեք եւ Առնօ Տօնէրեաններուն, այս առիթով «Ողջոյնի Գիրեր» յղող մտաւորականներուն եւ անձնաւորութիւններուն, Յոբելենական Պատուոյ Յանձնախումբի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն (27 հոգի)՝ սկսեալ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէն: Իր խօսքին մէջ, «Ծաղիկ»ի խմբագրապետը Ապրիլ ամսուան առաջին շաբաթը որակեց «Պոլսահայ գրականութեան օրեր», շնորհակալութեան իր յատուկ խօսքը ուղղելով պոլսահայ «Մարմարա» օրաթերթի աւելի քան կէսդարեայ անխոնջ, հմուտ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին, որուն ներդրումը սոյն հանդիսութեան յաջողութեան համար ունեցաւ կարեւոր բաժին մը:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով հրաւիրուեցան Արէն, Ալեք եւ Առնօ Տօնէրեան ջութակահար եղբայրները, որոնք հրամցուցին Թէքէեանի խորիմաստ քերթուածներէն՝ «Կ’անձրեւէ, Տղա՛ս»ը, որուն երաժշտական յօրինումը կը պատկանի Համբարձում Պէրպէրեանի:

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Պոլիսէն այս առիթով հրաւիրեալ, ասմունքի վարպետ, այլեւ Հայ «Ասմունքի Իշխանուհի» տիտղոսին արժանացած Տիկին Սիլվա Կոմիկեանը, որ ասմունքի Ա. մասով յաջորդաբար հրամցուց Վահան Թէքէեանի «Քու Յիշատակդ Այս Գիշեր», Զահրատի «Երկու Մոմ», Վարդ Շիկահերի (հանրածանօթ սրտաբան բժիշկ) «Կոմիտաս», Մկրտիչ Մարկոսեանի «Առաջին Հէյրէն Ղազաթան», Տոքթ. Վարդան Կոմիկեանի «Ծովը», Իգնա Սարըասլանի «Մենք Յաւերժութեան Ծառը Եղանք», Զարեհ Խրախունիի «Լեռն Ի Վեր», Ռոպէր Հատտէճեանի «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ կրկին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» չափածոյ եւ արձակ գործերը: Կոմիկեան իր ասմունքի կատարողութեամբ գերեց, հմայեց, կախարդեց ե՛ւ մեսմերացուց (մագնիսացուց) ակնդիրները՝ իր անապական առոգանական, անխառն ապրումներով, բեմական անսեթեւեթ, այլեւ բարձրարուեստ ու անթերի արտայայտչականութեամբ:

Ապա խօսք առնելու հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, գրականագէտ, Թէքէեանագէտ, հմուտ բանասէր, խմբագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ, Միացեալ Նահանգներէն յատուկ այս առիթով հրաւիրուած Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը, որ մասնաւորապէս ըսաւ. «… Վահան Թէքէեանի անունը մեր մտապաստառին վրայ հաւանաբար ուրուագծէ նա՛խ բանաստեղծը, որ նուաճած է համազգային արժէքի դափնին, ապա միւս բոլոր բաները, որ կը կազմէին շաղախը Թէքէեան մարդուն, ընդգրկելով արձակագիրը, թատերագիրը, թարգմանիչը, հրապարակագիրը, դաստիարակը, հանրային գործիչը, մտաւորականը, եւայլն»: Անդրադառնալով Թէքէեանի գրական անդաստան մուտքին՝ բանախօսը ըսաւ. «Թէքէեան հայ քերթողութեան անդաստանը կը մտնէր պատանիի մը հոգիին ներքին ծալքերն ու խոր մթութիւնները անկեղծ շունչով մը պեղելու ճիգով, որ պիտի դիմաւորուէր խիստ քննադատութեամբ եւ գաղջ պաշտպանողականով»: Դոկտ. Ղազարեան ըսաւ, որ մեծանուն երգիծաբան Երուանդ Օտեան անդրադառնալով Թէքէեանի հրատարակեալ չափածոյ ոտանաւորներուն, «անոնց մէջ գտած է զօրաւոր ոգի, հեգնանք եւ խանդ կամ ուժեղ երեւակայութիւն», ներկայացնելով մեծ քերթողին երգիծագրութեան սեռի եզակի մէկ գործը՝ «Ակռամանեակ» երգիծախաղը, ուր դերակատարներ են Պօղոս Նուպարը, Արշակ Չօպանեանը, Միքայէլ Նաթանեանը, հայ որբերը: Սոյն երգիծախաղը ձաղկումն է Հայկական Դատին լուծումը Արեւմուտքէն սպասողներու: Յարգելի բանախօսը անդրադառնալով Թէքէեանի արձակ գործերուն, նորավէպերուն, կեդրոնացաւ անոր հրապարակագրութեան վրայ, ընդգծելով, որ «անիկա իր բազմաթիւ դրսեւորումներով տակաւին կը պահէ այժմէականութիւն մը իբրեւ անժամանցելի դասագիրք, երբ կը մտածենք գաղութներու մէջ ազգային դիմագիծի պահպանութեան լծուելով հանդերձ համարկուելու անհրաժեշտութեան, համաշխարհայնացումի ներկայ համայնակուլ արշաւին դիմաց ազգայինը պահպանելու…»: Շարունակելով իր սեւեռումները հրապարակագիր Թէքէեանի վրայ, Դոկտ. Ղազարեան մէջբերեց Հայրենիքի նկատմամբ Հայ «Բանաստեղծութեան Իշխան»ին հետեւեալ համոզումը. «Կան սրտապնդիչ երեւոյթներ մեր Հայրենիքին մէջ եւ կան անշուշտ շատ բնականօրէն թերութիւններ եւ պակասութիւններ, բայց անխորտակելի է երկիր մը, երբ հոն ապրող ժողովուրդը հաւատք ունի իր հաստատութիւններուն ու ապագային վրայ… ուղիղ կամ սխալ՝ մեր Հայրենիքն է այն, չկայ ուրիշ Հայրենիք մը հայութեան համար»: Հուսկ բանախօսը ըսաւ, որ Թէքէեան «իր ինքնատիպ գրականութեամբ բախտաւոր մըն էր, եւ պիտի շարունակուի յիշուիլ, մեծարուիլ, հաղորդակցիլ ժամանակով եւ միջոցով անջրպետուած հոգիներու հետ, զանոնք բարեկամացնել իրեն, նոյնիսկ սիրուիլ անոնցմէ, թերեւս նաեւ այդ հոգիները համամարդկային սիրով շաղկապել իրարու»:

Դոկտ. Ղազարեանի բանախօսութենէն ետք, Արէն, Ալեք եւ Առնօ Տօնէրեաններ կրկին բեմ բարձրացան եւ ջութակի վրայ այս անգամ հոյակապօրէն նուագեցին Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, Վահան Պէտէլեանի երաժշտական յօրինումով:

Ասմունքի Բ. մասով, Սիլվա Կոմիկեան բեմ հրաւիրուեցաւ հրամցնելու միմիայն Թէքէեանի բանաստեղծութիւններէն գոհարներ – «Աղուորները», «Ես Սիրեցի», «Մէկ Հատիկս», «Կ’անձրեւէ, Տղա՛ս», «Պատիժը», «Զաւակս», «Հաշուեյարդար», «Լուսաւորչի Կանթեղը», «Տաղ Հայերէն Լեզուին», «Հայու Հոգին», ներկաներուն պարգեւելով Թէքէեանական շունչով հոգեկան ու մտային մեծ վայելք:

Անմիջապէս ետք, «Ծաղիկ»ի խմբագրապետը հրաւիրեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ եպսկ. Փանոսեանը՝ սիրտի խօսքը փոխանցելու այս առիթով: Առաջնորդ սրբազանը նախ գնահատեց կազմակերպիչ «Ծաղիկ»ի գովելի միջոցառումը, վեր առաւ մեծ բանաստեղծին՝ Վահան Թէքէեանի գրական հարուստ ժառանգութիւնը, դիմելով երիտասարդներուն, որ համակուին, տոգորուին մեծ քերթողին հայրենաշունչ ու ազգայնաշունչ գրականութեամբ: Առաջնորդ սրբազանը խօսքը ուղղելով յատկապէս Հայ «Ասմունքի Իշխանուհի» Սիլվա Կոմիկեանին ըսաւ, որ եկած է հաճոյքով մտիկ ընելու անոր կատարումները, ջերմ խօսքեր փոխանցելով պոլսահայ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին, մաղթելով որ խմբագրապետին գրիչը մնայ միշտ դալար եւ խիզախ՝ պոլսահայ կեանքը յուզող զանազան խնդիրներու անդրադարձումներով:

Հուսկ «Ծաղիկ»ի խմբագրապետը խմբագրութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնեց յայտագիրի բոլոր մասնակիցներուն, ներկաները հրաւիրելով հիւրասիրութեան սեղանի շուրջ եւ մտերմիկ զրոյցի:

ԴԱՓՆԻ

«Ծաղիկ», Պէյրութ

                                          

Scroll Up