Հայ Աւետ. Վարժարաններու Սուրիոյ եւ Հալէպի Մակարդակով Բարձրորակ Գիտական Ցուցահանդէս

Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ.վրժ.ի, Սուրիանի Աւետ. Վրժ.ի, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ վրժ.ի, Հալէպի Գոլէժ  Աղջկանց բաժինին, «Աշակերտական գիտական ցուցահանդէս»-ը երկրորդ տարին   ըլլալով իր  պաշտօնական բացումը կատարեց Կիրակի 25 Փետրուար 2018 ի կէսօրուայ ժամը 12։30 ին,  Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. Վրժ.ի «Փօլատեան» սրահէն ներս։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Ալին Բանոյեան:

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի,ներկայութեամբ Հալէպի Ալ Պաաս ԿուսակցութեանՔարտուղար` Ֆատէլ Նաճճարի, Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս տիար Արմէն Սարգսեանի, գաղութի միութենական  եւ մշակութային  ներկայացուցիչներու,  հայկական  վարժարաններու  տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմերու,  ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ծնողներու։

Ցուցահանդէսը  իր զանազանութեամբ,  մատուցուած ոճով,  եւ գիտաշխատութեամբ Սուրիոյ  մաշտապով առաջինը հանդիսացաւ։

165 մասնակից աշակերտներու եւ անոնց 130 գիտական հետազօտական ձեռքբերումներու եռօր-եայ ցուցահանդէսը իր հարուստ բովանդակութեամբ, օգտաշատգիտելիքներով, գիտական փորձերու հմտութեամբ, փաստացի նկարներու բազմազանութեամբ եւ գործնական տեսերիզի ցուցադրու-թեամբ, անգամ մը եւս հիացուցին ներկաներուն,   իրենց  գիտելիքները  ի  գործ դնելու կարողութեամբ։

«Փօլատեան» սրահը վերածուած էր  տաղաւարներու, իւրաքանչիւր բաժանումը դասաւորուած  էր ըստ նիւթերու խմբաւորման այսպէս`  աշխարհագրական, երկրագործական, բուսական, կեն-դանական, քիմիագիտական, բնագիտական, սննդառական եւ տարրալուծական բաժիններէ։

Տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն միատեղ կամաւոր աշխատանքով, եւ անոնց լուրջ հետեւողակնութեան ու հսկողութեան ներքոյ,  աշակերտական բարձրորակգիտական գիտելիքներու ընտրանիի  մը ցուցադրութիւնը կարելի է համարել սոյն ձեռնարկը, եւ որպէս խթան  միշտ վայելելով  Վեր. Համայնքապետ  Յ. Սելիմեանինանվերապահ աջակցութիւնը։

 Ուսանողի մը հետաքրքրութիւնն  ու պրպտումները դէպի հմտութիւն տանող  ինքնազարգացման այս բացառիկ մտայղացումը, անգամ մը եւս յաջողութեան կնիքըդրոշմելով արժանացաւ Հալէպի  եւ Սուրիոյ  մակարդակով «Գերազանց» արժեւորումին։

Աւարտին բոլոր մասնակիցները պարգեւատրուեցան  համապատասխան վկայագիրներով  ու  յուշանուէրներով։

Scroll Up