«Մարտիրոս Սարեան» Փաստավաւերագրական Ֆիլմի Տեսասկաւառակի Շնորհանդէս եւ Ցուցադրութիւն

Փետրուար 28-ին, ժամը 14:00-ին, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ, առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի «Մարտիրոս Սարեան» ֆիլմին մէջ ստեղծուած «Ծաղիկներ» եզակի աշխատանքը` պատկերուած ապակիի վրայ:
Ըստ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ ծրագիրին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուի ֆիլմի բեմադրիչ Լայէրթ Վաղարշեանի յուշերէն եւ ֆիլմի մասին արձագանգներէն կազմուած` «Սարեանը նկարում է ծաղիկներ» գիրքին եւ «Մարտիրոս Սարեան» փաստավաւերագրական ֆիլմի տեսասկաւառակին շնորհանդէսը:
Պիտի ցուցադրուին նաեւ ֆիլմի ստեղծման ընթացքին առնուած լուսանկարները եւ Մ. Սարեանի աշխատանքները:
«Մարտիրոս Սարեան» փաստավաւերագրական ֆիլմը ստեղծուած է 1965 թուականին «Հայֆիլմ» արուեստանոցին մէջ, բեմադրիչ` Լ. Վաղարշեան, գրութեան հեղինակ` Ի. Էրենպուրկ, երաժշտութեան հեղինակ` Ղ. Սարեան:
Մուտքը` տոմսով: