Ժամանակի Մեքենան Փեթերսպուրկահայերուն Տեղափոխած Էր Պատմական Հայաստան

«Մէկ ժողովուրդ` մէկ ընտանիք». այս կարգախօսը կրող տօնական-ուսուցողական ձեռնարկը փետրուար 4-ին տեղի ունեցաւ Սան Փեթերսպուրկի հայկական համայնքին մէջ:
«Խատուտիկ» ազգային կեդրոնը Սան Փեթերսպուրկի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայկական համայնքի հովանիի ներքոյ գործող «Վերնատուն» մշակութային կեդրոնին մէջ անցուց հայկական աւանդական Նոր տարին նշելու տօնական-ուսուցողական բարեգործական ձեռնարկը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համայնքի ղեկավար Կարէն Մկրտչեան, որ հիւրերուն մաղթեց բարի ժամանց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Խատուտիկ» ազգային կեդրոնի խումբին, իւրայատուկ ձեռնարկ կազմակերպելու համար: Հիւրերը ողջունեց նաեւ Սուրբ Կատարինէ հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Եփրեմ Զարգարեան, եւ ձեռնարկը սկսաւ միասնական «Հայր մեր» աղօթքով:
Ըստ սենարի, հիւրերը «Ժամանակի մեքենայով» տեղափոխուեցան Պատմական Հայաստան, ուր անոնց կը սպասէր հիւրընկալ հայ ժողովուրդը:
«Հայ ժողովուրդ»-ը «Խատուտիկ» էթնիկ կեդրոնի մասնագէտներն ու կամաւորներն էին, «Զարթօնք» պարային համոյթի եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Լազարեաններու անուան հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնի «Աւետում» երգչախումբի անդամները, որոնք հիւրերը դիմաւորեցին հայկական աւանդական տարազներով` ներկայացնելով մեր մշակոյթն ու արժէքները:
Սկսաւ պատկերաւոր բեմականացում` կազմակերպիչներու եւ հաւաքուած հիւրերու մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկը բաղկացած էր պատմական ակնարկէ, ստեղծագործական վարպետութեան դասէ, ազգային պարերէ, երգերէ, խաղերէ, աւանդական աղանդեր` «փոխինձ» պատրաստելէ, ազգային տօնական Կենաց ծառ զարդարելէ եւ այլ հետաքրքիր մանրուքներէ: Ձեռնարկին ընթացքին հիւր եկաւ Կաղանդ պապը, որ հիւրերուն, ըստ աւանդոյթի, շնորհաւորեց, տուաւ իր խորհուրդներն ու նուէրները, ինչպէս նաեւ համախմբելով երեխաները` միասին գրեցին նամակ` ուղարկելու իրենց բարեմաղթանքները Հայաստան:
«Խատուտիկ» ազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Լիլիթ Շարբաթեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ. «Այնչափ կարեւոր է արժեւորել սեփական բազմադարեայ պատմութիւնն ու մշակոյթը, աւանդոյթներն ու արժէքները: Այսօր ապրելով հայերնիքէն հեռու` մէկապոլիսի մէջ, մարդիկ կանգնած են ձուլման խնդրին առջեւ, որ կը յանգեցնէ ինքնութեան, մայրենի լեզուի, աւանդոյթներու, արժէքներու փոփոխման ու երբեմն ալ` մոռացման: Այս ձեռնարկի եւ, ընդհանրապէս, մեր զարգացման կեդրոնի գործունէութեան գլխաւոր նպատակն է մարդոց օգնել պահպանելու ազգային դիմագիծն ու առաջնորդուելու վեհ արժէքներով»:
Իսկ երեխաներու նամակին մէջ հետեւեալ բարեմաղթանքներն էին.
«Թո՛ղ մեր հայրենիքին մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, պատերազմ չըլլայ, թո՛ղ բոլոր զինուորները ուժեղ ըլլան ու ողջ-առողջ տուն վերադառնան, թո՛ղ ծաղկի մեր հայրենիքը, թող մեր ծնողները մեզմով ուրախանան, թող հայրիկները մնան Հայաստանի մէջ, որ մենք ալ այնտեղ ապրինք, երբ մեծնանք` մենք կը վերադառնանք Հայաստան, որ սիրունացնենք մեր երկիրը…»: