Պատրիկ Յովակիմեանի Թեկնածութիւնն ԱՄՆ Նախագահն Առաջադրած Է Արդարադատութեան Նախարարութեան Բարձր Պաշտօնին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփն առաջադրած է Պատրիկ Յովակիմեանի թեկնածութիւնն ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան օտարերկրեայ հայցադիմումներու յանձնաժողովի անդամի պաշտօնին: Այս մասին կը յայտնէ Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը:
Առաջարկները քննարկման համար ուղարկուած են Սենատ: Հաւանութեան արժանանալու պարագային Յովակիմեան յանձնաժողովի անդամի պաշտօնը կը զբաղեցնէ մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբեր 30-ը:
Պատրիկ Յովակիմեան ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Հարաւային շրջանի դատախազի օգնականն է: Իրաւաբանութեան դոկտորի աստիճան ստացած է Սթենֆորտի իրաւունքի դպրոցին մէջ: