«Պատմական Հայաստանի Կենետիկական Ատլասը Կ’անմահացնէ Հայերու Բազմադարեայ Ժառանգութիւնը». Լեւոն Եպիսկոպոսեան

Պատմական Հայաստանի կենետիկական քարտէզագրման աշխատանքներու  եւ հայկական  genofond-ի մասին է ՀՀ ԳԱԱ Մասնկային (Մոլեկուլային)  կենսաբանութեան հիմնարկի ցեղածնունդի տարրալուծարանի  վարիչ, կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Լեւոն Եպիսկոպոսեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը:

արոն Եպիսկոպոսեանինչ աշխատանքներ կը կատարէ ցեղածնունդի տարրալուծարանը:

– մեր տարրալուծարանը կը զբաղի հայ ժողովուրդի կենետիկական պատմութեան ուսումնասիրութեամբ: Նշուած ոլորտին մէջ երկու տասնամեակ տեւող մեր հետազօտութիւններն արդէն որոշակի արդիւնքներ  տուած են: Օրինակ, անցեալ տարի տարրալուծարանի ջանքերով եւ միջազգային համագործակցութեամբ ցոյց  տրուած է, որ Արեւելեան Հայաստանի հայերը այս տարածաշրջանի նորաքարային բնակչութեան անմիջական կենետիկական յետնորդներն են: Հիմա մենք կ’աշխատինք Պատմական Հայաստանի կենետիկական քարտէզագրման ստեղծման վրայ: Սոյն նախաձեռնութիւնը ուղղուած է հայկական genofond -ի աշխարհագրական քարտէզագրման եւ մեր նախնիներու կենետիկական պատմութեան վերականգնման:

Առհասարակ, Հայաստանի պատմութեան եւ հայերու ծագման ուսումնասիրումը դժուար խնդիր է տարբեր առումներով: Պատմական արժէքաւոր փաստարկներու  ահռելի բաժին մը ոչնչացուած կամ անհետացած է բազմաթիւ արշաւանքներու եւ բնական աղէտներու հետեւանքով: Բացի այդ, հարեւան երկիրներու միջեւ պատմական Հայաստանի աշխարհաքաղաքական բաժանման արդիւնքով արխիւային, հնագիտական եւ մարդաբանական ուսումնասիրութիւնները դարձած են խնդրահարոյց եւ, յաճախ, դժուար իրագործելի: Սակայն, թէեւ վերջին  քանի մը դարերու ընթացքին պատմական Հայաստանի նահանգներու բնակչութեան մեծ մասը բռնի կերպով տեղահանուած է, բարեբախտաբար, անոնց յետնորդներն իրենց կեներուն մէջ կը պահպանեն անջնջելի տեղեկութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն  կ’ընձեռեն վերականգնել իրենց նախնիներու կենետիկական ժառանգութիւնը: Հիմնականին մէջ այդ նպատակ կը հետապնդէ Պատմական Հայաստանի կենետիկական քատէզարգրման պատրաստման նախագիծը:

Կը խնդրէի աւելի մանրամասն ներկայացնել այդ աշխատանքը:

– Պատմական Հայաստանի կենետիկական քարտէզագրման ստեղծման ծրագիրի առաքելութիւնն է վերարտադրել հայկական genofond -ի հարուստ աշխարհագրական խճանկարը, որ ձեւաւորուած եւ հազարամեակներու ընթացքին հարստացած է Հայկական լեռնաշխարհին մէջ: Բացի այդ, այն թոյլ կու տայ պատասխանել հայերու ծագման վերաբերեալ  շարք մը հիմնարար հարցերու, որոնք անհնար է լուծել միայն հայագիտութեան դասական առարկաներու միջոցով:

Քարտէզագրումը կ’ունենայ նաեւ  շարք մը գործնական կիրառութիւններ: Առաջին հերթին, այն տեղեկութիւններու արժէքաւոր աղբիւր է պատմաբաններու, հնագէտներու եւ լեզուաբաններու համար, որոնք կը զբաղին հայերու ցեղածնունդի, հայկական մշակոյթի եւ լեզուի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ժողովուրդներու միջեւ հնագոյն շփումներու հարցերով: Միեւնոյն ժամանակ ատլասը կը դառնայ հազարամեակներու ընթացքին Հայկական լեռնաշխարհին մէջ հայերու եւ անոնց անմիջական կենետիկական նախնիներու ներկայութեան վաւերական վկայութիւնը:

Ծրագիրի արդիականութիւնը հարկ է դիտարկել նաեւ մեր տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու ծիրին մէջ: Այսօր մարդաբանական կենետիկան աւելի ու աւելի կ’ապաւինի տարբեր դարաշրջաններու մարդկային ոսկրանիւթէ անջատուած հնագոյն DNA-ի ուսումնասիրութեան, ներառեալ եւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ: Պատմական Հայաստանի կենետիկական ատլասի  ստեղծումը թոյլ կու տայ կանխարգիլել այս տարածաշրջանին մէջ պեղուած մարդաբանական նիւթի կենետիկական եւ էթնիկ ինքնութեան որեւէ խեղաթիւրում:

– Ինչ խոչընդոտներու՞ կը  հանդիպիք ծրագիրի իրականացման ընթացքթին:

– Ներկայիս տարրալուծարանի աշխատակիցները ձեռնամուխ են ժամանակակից հայերու DNA -ի նմուշներու հաւաքագրման գործընթացին, որուն համար արիւնատուներ կրնան հանդիսանալ այն անձիք, որուն հայրական եւ մայրական բոլոր նախնիները կը սերին Պատմական Հայաստանի միեւնոյն շրջանէն: Սակայն սերունդէ սերունդ զգալիօրէն կը նուազի այդ պահանջը բաւարարող հայերու թիւը, ուստի նմուշները պէտք է հաւաքագրուին հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ: Բացի այդ, այսօր Հայաստանի մէջ չափազանց դժուար է գտնել արեւմտեան նահանգներու բնակչութեան ժառանգներուն, որոնց նախնիները ծագած են միեւնոյն վայրէն: Հետեւաբար, նմուշներու հաւաքագրում պէտք է իրականացուի նաեւ սփիւռքահայ համայնքներուն մէջ, ներառեալ` Ռուսաստանի, Իրանի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, որ կապուած է որոշակի դժուարութիւններու եւ զգալի ֆինանսական միջոցներու հետ:

Իսկ ի՞նչ եղած է առ այսօր:

– Կենետիկական քարտէզագրման ստեղծման համար անհրաժեշտ է հաւաքել 8-10 DNA-ի նմուշ Պատմական Հայաստանի 20-25 տարբեր աշխարհագրական շրջանները ներկայացնող արիւնատուներէ, որ կը կազմէ շուրջ 200 նմուշ: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արդէն իսկ հաւաքուած են աւելի քան 100 DNA -ի նմուշ, որոնցմէ վեցը ենթարկուած է ամբողջական ծնատիպման: Ստացուած արդիւնքները կ’օգտագործուին նշուած հիմնարար եւ կիրառական խնդիրներու լուծման համար:

Ծրագիրի մէկ այլ կարեւոր արժէք է ազգային gene bank-ի ստեղծման իրական հնարաւորութիւնը, որ կ’օգտագործուի հայ (եւ ոչ միայն) գիտնականներու յետագայ սերունդներու կողմէ հայերու genofond առանձնայատկութիւններու (ներառեալ` բժշկական) հետազօտութիւններու համար:

Ձեր նախագիծը ներկայացուցիք նաեւ ՀՀ սփիւռքի  նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Համատեղ քննարկման արդիւնքով ի՞նչ եզրահանգման եկաք:

– Քանի որ նախագիծն իր բնոյթով համազգային ծրագիր է, անհրաժեշտ կը գտնեմ անոր շուրջը նոյնպէս հրաւիրել սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներու ուշադրութիւնը: Նախարարին խնդրեցի սոյն նախաձեռնութեան մասին հնարաւոր միջոցներով տեղեկացնել Հայաստան այցելող մեր հայրենակիցներուն: Համապատասխանելով նշուած պահանջներուն եւ ունենալով ցանկութիւն իրենց մասնակցութիւնը բերելու ծրագիրին, անոնք կրնան յանձնել իրենց արեան նմուշը` անով սատար կանգնելով Պատմական Հայաստանի կենետիկական քարտէզագրման ստեղծման գործին:

Որ՞ն է  ձեր խօսքը` ուղղուած մեր հայրենակիցներուն:

– Մեր նախնիներու պատմական ծննդավայրերուն մասին կենետիկական յիշողութեան անդառնալի կորուստի վտանգը կանխող այս նախաձեռնութիւնը կ’անմահացնէ հայերու բազմադարեայ ժառանգութիւնը` ստեղծելով ուրոյն «կենետիկական յուշամատեան»: Անհերքելի է, որ այսօրինակ յուշարձանները ազգային մեծարժէք հարստութիւն են: Ուստի այս բացառիկ ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտին հասցնելու համար կոչ կ’ընեմ  մեր բոլոր հայրենակիցներուն աշխուժօրէն մասնակցելու «Պատմական Հայաստանի կենետիկական ատլասի» նախագիծին:

Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up