Զապէլ  Եսայեան-140 Աշխարհ Փոխած 100 Հայերէն Մէկը` Զապէլ Եսայեան

Փետրուար 4-ը  արձակագիր, իր ժամանակներու հասարակական-քաղաքական, ազգային գործիչ, մեծ հայրենասէր Զապէլ Եսայեանի ծննդեան օրն է: Այդ առիթով ալ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ  հետաքրքիր զրոյց մը ծաւալեցաւ անոր թոռան` Ալեքսանդր Եսայեանի հետ;

…Առջեւս նստած պատկառելի մարդը բացառիկ արժէքաւոր հայ կին արձակագիրներէն մէկուն` Զապէլ Եսայեանի թոռն է, գրողի տղուն` Հրանդի որդին` կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու, Կենսաբանութեան գիտահետազօտական հիմնարկի տնօրէն Ալեքսանդր Եսայեան, որուն ներկայութիւնը մեր խմբագրութեան մէջ պարզապէս երեւոյթ է, եւ ես ամենայն սիրով ու ակնածանքով  կը զրուցեմ քաջարի գրողի թոռան հետ, որ, տեսած չըլլալով իր տատիկը, ամենայն մանրամասնութեամբ գիտէ անոր ստեղծագործական գործունէութեան ու կեանքի անցուդարձը :

-Պարո՛ն Եսայեան, մենք Ձեզ ընկալեցինք իբրեւ Զապէլ Եսայեան–հեղինակաւոր` մեր ժամանակներուն, մեր կողքին ապրող մասունք մը, թանկ մասնիկ մը. ի՞նչ ըսել է Ձեզի համար Զապէլ Եսայեան` գրո՞ղ, հասարակական-քաղաքական գործի՞չ, սոսկ տատի՞կ, Ձեր սրտէն մասնի՞կ մը…

-Առաջին հերթին` իմ սրտէս մասնիկ մը, տատիկ, յետոյ` միւս բոլոր առաւելութիւններն ու բնութագրականները: Դժբախտաբար, ես անոր մահէն տաս տարի յետոյ  ծնած եմ, սակայն մեր տան մէջ մայրս, հօրաքոյրս` Սոֆին, այնքան  պատմած են անոր մասին, որ ինծի կը թուի, թէ ես ապրած եմ անոր կողքին: Հպարտ եմ, որ անոր թոռն եմ եւ կը փորձեմ ինչ-որ բան ընել` անոր յիշատակը վառ պահելու, անոր առաւել ճանաչելի դարձնելու համար: Ցաւօք, անոր աւելի լաւ կը ճանչնան Սփիւռքի, Արցախի մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ Զապէլ Եսայեան առաւել ճանաչելի է գրողներու, մտաւորականութեան նեղ շրջանականերուն մէջ: Կը կարծեմ` ատիկա իմ թերացումս է. ընելիք շատ ունիմ այդ առումով:

-Ըսիք, որ Արցախի՛ մէջ անոր աւելի լաւ կը ճանչնան, յատկապէս` դպրոցականները. ինչպէ՞ս, ինչո՞վ   պայմանաւորուած է ատիկա…

-Անցեալ տարի սեպտեմբեր 10-ին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը Արցախի մէջ Զապէլ Եսայեանին նուիրուած շարադրութիւններու մրցոյթ յայտարարեց` ինչու՞  կարեւոր են մարդու իրաւունքները, Զապէլ Եսայեանի փորձառութիւնն այդ հարթակին վրայ թեմայով. Կը մասնակցէին բարձր դասարաններու աշակերտներ: Շատ հետաքրքիր աշխատանքներ կային: Դեկտեմբերին աւարտեցաւ մրցոյթը, ես ալ յանձնախումբի կազմին մէջ էի: Մօտ 60 մասնակիցներէն յաղթեցին 12 աշակերտ, սակայն բոլոր 60 մասնակիցներուն մեր ընտանիքին կողմէ նուէրներ յանձնեցինք, որովհետեւ մասնակցութիւնը եւս գնահատելի է: Ես դեռեւս սեպտեմբեր 1-ին` ուսումնական նոր տարուան սկիզբին Արցախի մէջ էի ` «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ Առաջամուտ սահմանամերձ գիւղի Զապէլ Եսայեանի անունը կրող հիմնավերանորոգուած,  փոքր տարածքով մը ընդլայնուած դպրոցի բացման եւ Արցախի անկախութեան տօնին առիթով:

-Զապէլ Եսայեանի անունը կրող ուրիշ դպրոց, լսարան, փողոց, անուանական թոշակ, գրական մրցանակ կա՞յ…

-Որքանով տեղեակ եմ` անոր անունը կրող ուրիշ դպրոց Հայաստանի մէջ չկայ,  կորած-մոլորած նեղլիկ փողոց մը կայ Եսայեանի անունով, իսկ լսարան, կրթաթոշակ եւ այլ անուանակոչումներ չկան. ինքս մտադիր եմ Զապէլ Եսայեանի 140-ամեակին հետ կապուած` ԵՊՀ-ի թանգարանին մէջ  ցուցատախտակ մը պատրաստել, ուր զետեղուած կ’ըլլան Զապէլի լուսանկարները, գիրքերու շապիկներէն, պատառիկներ`ձեռագիրներէն:

-Որպէս ընթերցող` Զապէլ Եսայեանի ո՞ր ստեղծագործութիւնը  Ձեզի առաւել սրտամօտ, հոգեհարազատ է:

-«Սիլիհտարի պարտէզները», իսկ միւս գործերը յաճախակի կը բանամ, կ’ընթերցեմ, կը փակեմ` յետոյ կրկին շարունակելու համար:

-Արդեօք Եսայեանէն պահպանուա՞ծ են անտիպ գործեր, ձեռագիրներ, բանտին մէջ գրուած որեւէ պատառիկ:

-Ոչ, չեն պահպանուած. միայն գիտեմ, որ ան բանտին մէջ իր արեան մէջ թաթախուած ասեղով փոքրիկ կտորի մը, ասեղնագործած թաշկինակի պատառիկի վրայ ինչ-որ բան  գրած է, բայց ատիկա չէ պահպանուած: Բացի նամակներէն` ոչինչ  մնացած է: Անյայտ են անգամ անոր վախճանի մանրամասները…

-Իսկ երբեք մտածա՞ծ էք, որ ան կրնար նաեւ ողջ մնացած ըլլար…սա ալ, թէկուզ անհաւանական, բայց վարկած է:

-Ես մտածած եմ այդ մասին եւ որոշած եմ դիմել Կարագանդայի արխիւին. գուցէ ինչ-որ տեղեկութիւն իմանամ անոր վախճանին մասին, որովհետեւ  նամակ մը կայ անոնցմէ, որ թուագրուած է 1943 թուականով: Գուցէ ինքը պարզապէս սխալած է` 1943 գրելով, որովհետեւ կան նաեւ վարկածներ, որ ան հէ՛նց 1937-ին  մահացած է` խոշտանգուելով Պաքուի բանտին մէջ…

-Իսկ այն տունը՞, ուր 1933-էն մինչեւ 1936 բնակած է գրողը…յուշաքար կամ ալ` գոնէ ցուցանակ այդ շէնքի պատին կա՞յ…

-Ան ապրած է Աբովեանի անուան փողոցի սկզբնամասին մէջ. եթէ կը յիշէք, այնտեղ մեծ գրախանութ մը կար, տունը գրախանութի դիմացի մայթին էր, հիմա ալ այն կայ: Երբ անոր ձերբակալած են, այդ տունը, ով գիտէ, որուն մնացած է: Տուած են ուրիշներուն, իսկ հայրս եւ հօրաքոյրս մնացած են փողոց:

-Երբեք եղա՞ծ էք գրողի ծննդավայրը, անոր սիրելի Սկիւտարի Սիլիհտարի պարտէզներուն մէջ..

-Ցաւօք, բախտ չէ վիճակուած, միայն մտովի, իմ պատկերացումներուս մէջ  եղած եմ այնտեղ:

-Ձեր զաւակներէն ո՞վ  շարունակած է տատիկի գործը, անոր անունը կրող շարունակութիւն ունի՞ք:

-Գրական դաշտին մէջ չեն զաւակներս, իսկ Զապէլ Եսայեանի անունը պատուով ու հպարտութեամբ կը կրէ դուստրս:

-Զապէլ Եսայեանի գործերը հրատարկուած են 60-ականներուն, իսկ մեր օրերուն ատոնք չե՞ն վերահրատարակուած, կը թարգմանուի՞ն:

-Հայաստանի մէջ չեն վերահրատարակուած. Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ թարգմանիչներն ու հրատարակիչները կը թարգմանեն, լոյս կ’ընծայեն անոր գիրքերը: «Աւերակներու մէջ» աշխատանքը թարգմանուած եւ հրատարակուած է Թուրքիոյ մէջ:

Ֆրանսայի մէջ նոյն գիրքն արդէն երկրորդ անգամ կը հրատարակուի` փոքր ձեւաչափով, իսկ Ամերիկայի մէջ 4 գիրք հրատարակեց պոսթոնահայ Ճուտի Սարեանը, որ տարուած է Զապէլ Եսայեանով: Հիմա Զապէլ Եսայեանի մասին ռուսերէնով գիրք կը պատրաստէ Կարինէ Խալաթովան: Անցեալ տարի մարտ 7-ին, երբ ՀՀ Նախագահը հանդիպած էր Փարիզի քաղաքապետ Անի Հիտալկոյի հետ, ան հիանալի ճառ ըսաւ եւ յայտնեց, որ իրենք կ’որոշեն ընդունիլ Փարիզի մէջ փողոց կոչել Զապէլ Եսայեանի անունով: Ամերիկացիները շատ հետաքրքրուած են Զապէլ Եսայեանով, որ անոնց համար կին գրողի ու հասարակական-քաղաքական խիզախ գործիչի խորհրդանիշ է: Ան այդ առումով բացառիկ կիներէն է եւ կը դասուի աշխարհի 5 խիզախ կանանց շարքին, Զապէլ Եսայեան նաեւ կը համարուի աշխարհը փոխած 100 հայերէն մէկը:

Նման հարցազրոյցէ մը ետք, բնականաբար, կրկին մարդու մէջ կը խօսին հայ ըլլալու հպարտութիւնը, Զապէլ Եսայեան գրողի ու խիզախ կնոջ արժանի յետնորդը ըլլալու պատասխանատուութիւնը:

Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up