«ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Հետ Սերտ Կը Համագործակցենք».Ալեքս Աւանէսեան

Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան փոխնախագահ Ալէքս Աւանէսեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը ներկայացնէ հունգարահայ համայնքի 2017 թուականի ծաւալած գործունէութիւնը, ընթացիկ տարուան հիմնական ընելիքները, ինչպէս նաեւ կ’անդրադառնայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան:
–Պարո՛ն Աւանէսեան, այս անգամ ի՞նչ նպատակով Հայաստան եկած էք:
– ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր ստանալու ուրախալի առիթով եկած եմ:
Ամէն անգամ տարեսկիզբին գալով` նախ եւ առաջ կը հանդիպիմ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` տեղեկացնելու անցնող տարուան ընթացքին համայնքէն ներս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն մասին, նաեւ քննարկելու յետագայ համատեղ աշխատանքներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:
-2017 թուականը համայնքային կեանքին մէջ ի՞նչ հետք ձգեց: Մշակութային, հայապահպան ի՞նչ ձեռնարկներ իրականացուած են:
-Հունգարիոյ մէջ հայկական համայնքը կենսունակ եւ աշխոյժ պահելու համար շարք մը բազմաբնոյթ ձեռնարկներ կը կազմակերպենք` նպաստելով մեր շուրջը հայկական միջավայր ունենալուն: Բացառութիւն չէր նաեւ անցնող տարին:
Ամենախոշոր ու կարեւոր նախագիծերէն էր օգոստոս 1-էն սեպտեմբեր 30 «Հայկական մշակութային օրեր» փառատօնի կազմակերպումը, որ ոչ միայն մայրաքաղաք Պուտապեշտի մէջ եւ Հունգարիոյ քանի մը քաղաքներու մէջ, այլեւ Ռումանիոյ` պատմական շրջաններ Թրանսիլվանիոյ եւ Եարգիտա նահանգի Գէորգէն քաղաքին մէջ կազմակերպուեցաւ:
Փառատօնի բացումը Հունգարիոյ մէջ տեղի ուենցաւ «Խոստում» ֆիլմի ցուցադրմամբ: Փառատօնի ծիրէն ներս համայնքային երգիչներ Դաւիթ Ենգիբարեանն ու Նելսոն Սահակեանը հունգարական շարք մը քաղաքներու մէջ ելոյթներ ունեցան, նաեւ լուսանկարներու ցուցահանդէսներ կազմակերպեցինք:
Ռումանիոյ մշակութային ձեռնարկները տեղի ունեցան Եարգիտա նահանգի Գէորգէն քաղաքին մէջ` սեպտեմբեր 8-էն 10 իրականացուած Գէորգէնի հայկական արուեստի 7-րդ փառատօնի ծիրէն ներս:
Փառատօնի պատուաւոր հիւրերուն մէջ էին Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալբանդեանը, Ռումանիոյ մէջ ՀՀ այդ ժամանակուան դեսպան Համլէտ Գասպարեանը եւ Գէորգէնի հետ եղբայրացած Ալավերտիի քաղաքապետ Կարէն Փարեմուզեանը:
Փառատօնի եռօրեայ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած էին տեղի հայկական ժողովրդական ստեղծագործութիւններ, Գէորգէնի Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ երգչախումբի եւ Կեռլա/Արմէնոպոլիսի «Հայաքաղաք» պարախումբի կատարմամբ հայկական հոգեւոր երգեր եւ ժողովրդական պարեր, ուղեւորութիւն դէպի Գէորգէնի մերձակայ Չոբոտ լերան Հայկական մատուռ, ինչպէս նաեւ Պուտապեշտի «Ուրարտու» թատերախումբի կատարմամբ «Ազնաւուր» եւ «Մուսա Լեռ» երաժշտական կատարումները:
Փառատօնը նուիրուած էր Գէորգէնի մէջ հայերու հաստատման 380-ամեակին: Ի յիշատակ այդ պատմական տարեթիւին` սեպտեմբեր 8-ին Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ յարակից տարածքին մէջ տեղադրուեցաւ Հայկական խաչքար, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէին հայկական պատուիրակութիւնը, Հունգարիոյ Ազգային ժողովի նախագահը, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր Հունգարիոյ հայկական համայնքէն: Նոյն օրը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ բացուեցաւ Գէորգէնի Հայ համայնքի տունը:
Հանդիսաւոր մէկ այլ արարողութիւն տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 10-ին, երբ Գէորգէնի մէջ բացուեցաւ եւ Թրանսիլվանիոյ հայ կաթոլիկ համայնքի առաքելական կառավարիչ արքեպիսկոպոս. Գիորգի Եակուբինիի ձեռամբ օծուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան առաջին Աբբահայր Ստեփանոս Ակոնց-Կեովերին (1740-1824թթ.) նուիրուած մարմարէ յուշատախտակը` հայերէն, հունգարերէն եւ ռումաներէն մակագրութեամբ:
– 2018 թուականը Հայաստանի համար յոբելենական տարի է. ազգովին պիտի նշենք Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակն ու մայրաքաղաք Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը: Այս առիթներով հունգարահայ համայնքն ի՞նչ նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գայ:
-Մենք միշտ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը պահենք համայնքին մէջ նմանօրինակ կարեւոր առիթներով ձեռնարկերու կազմակերպումը, քանի որ իւրաքանչիւր ձեռնարկ աւելի կը համախմբէ համայնքի անդամները:
Մենք, ի հարկէ, անմասն չենք մնար տօնական ձեռնարկներ կազմակերպելէն: Տարբեր գաղափարներ ունինք, որուն մասին նոյնպէս քննարկեցի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:
Որոշեցինք նախարարութեան հետ համագործակցելով` մշակութային շաբաթ իրականացնել` ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, ցուցահանդէսներ, շնորհանդէսներ, ընթերցումներ եւ ընդունելութիւններ կազմակերպելով: Լուսանկարներու ցուցահանդէս եւ համերգ կը կազմակերպենք Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած, հնարաւոր է` այն Թրանսիլվանիոյ մէջ նոյնպէս իրականացնենք:
Առհասարակ, համայնքային աշխատանքները մարտ ամսուն կը սկսին: Առաջին ծրագիրներէն մէկը պիտի ըլլայ Սուրբ Յարութեան (Զատիկ) տօնին ընդառաջ Աւագ ուրբաթի խորհուրդին նուիրուած բեմականացման ցուցադրումը:
–Այս տարի կը լրանայ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման 10-ամեակը: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք համայնքի` նախարարութեան հետ Հայաստան–Սփիւռքի կապերու ամրապնդման ուղղուած համագործակցութիւնը:
–Արդիւնաւէտ, սերտ համագործակցութեան մէջ եղած ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, յատկապէս Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան աշխատակիցներուն հետ, որուն վկայութիւնն է մասնակցութիւնը նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն` Լրագրողներու համահայկական համաժողով, «Արի տուն» ծրագիր եւ այլն:
Առհասարակ, բարձր կը գնահատեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը: Շնորհակալ եմ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` մեր կողքին գտնուելու եւ ցուցաբերած սրտցաւ վերաբերմունքին համար: Կը կարծեմ` յետագային ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ փոխգործակցութիւնը կը շարունակենք:
Հարցազրոյցը Գէորգ Չիչեանի