Կարեւոր Ուղենիշներ` Հնչած Սթրազպուրկէն

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կը գրէ.

ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանին նախագահ Սարգսեանի խօսքն ու անոր հետեւած հարցումներու պատասխանները բնականաբար պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Տեւողութիւնը այս ամբողջութեան ուղիղ հաւասար համեմատութեամբ է. կէս ժամ գրաւոր խօսքը, որմէ ետք նաեւ կէս ժամ հարցումներուն տրուած պատասխաններ:

Ամբողջականութիւն կը նկատուի նաեւ մշակուածութեան, քաղաքական գրագիտութեան, իրազեկութեան եւ մանաւանդ ուղերձներու բազմահասցէականութեան նուրբ դրոյթներու առկայութեամբ:

ԵԽԽՎ-ի պաշտօնաթող նախագահին յղուած գնահատանքի խօսքը եթէ մէկ կողմէ ներառած է անոր կիպրացի ըլլալու փաստին հետ կապուած պաշտօնական Նիկոսիոյ կողմէ նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած հայ-կիպրական յարաբերութիւններու սերտացման եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը շեշտող յայտարարութիւններուն, ապա միւս կողմէ հաւանաբար կիպրացի պաշտօնատարին ԵԽԽՎ-ի նախագահութիւնը ստանձնած ժամանակի անմիջականութեամբ հրապարակուած Ազրպէյճանի լուացքատան հանգամանքի բացայայտումներուն: Թեմաներու իրերայաջորդ անցումներէ ետք, նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ յատուկ կեդրոնացումով կը խօսի ազրպէյճանական լուացքատան մասին` զայն հակադրելով եւրոպական արժեհամակարգին:

Այնուհետեւ ամբողջ խօսքը կառուցուած է եւրոպական արժէքներու, համաեւրոպական կառոյցներու հնչեցուցած սկզբունքներու եւ առաջադրանքներու համահունչ արտաքին քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալու եւ այդ շրջագիծին մէջ իրագործուած փուլերը ներկայացնելու: Մինչեւ Վենետիկի յանձնաժողովին հետ համագործակցութիւն եւ բարեփոխումներու փուլային իրականացման գործընթաց, մինչեւ նորացուած սահմանադրութիւն եւ կառավարման համակարգի խորհրդարանականացում` բոլորը վերլուծական մօտեցումով, բայց մանաւանդ համաեւրոպական սկզբունքներու ընդգծումներով հնչեցին Սթրազպուրկի համագումարի դահլիճին մէջ, այն ուղերձը փոխանցելով, որ պաշտօնական Երեւանը աննահանջ որդեգրած է դէպի Եւրոպա ընթանալու արտաքին քաղաքական վարքագիծը:

Հռետորութեան ընկալելի մարտավարութիւնը այս բոլորին` Երեւանի եւ այս պարագային Եւրոպական խորհուրդի սկզբունքներու փոխհարազատութիւնն ու համատեղելիութիւնը  լուսարձակի տակ բերելն էր եւ այդ բոլորի ներկայացման ընթացքին Պաքուի կողմէ այդ բոլորին ուղղութեամբ դրսեւորած հակասութիւնները ընդգծելը:

Նախագահի խօսքին մէջ տակաւին այս բոլորէն անդին առկայ է Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներու գործընթացին սատարելու, մասնակից դառնալու աւելի կուռ եւ ներառական Եւրոպայի ստեղծման տեսլականի իրագործման մեծ ծրագիրը:

Նոյնքան կարեւոր է սակայն հարցում-պատասխանի բաժինը, ուր կը պարզուի Եւրոպական խորհուրդին կողմէ տասը տարի առաջ պատժամիջոցներու ենթարկելի Երեւանի այսօր նուաճած ձեռքբերումներուն, արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւնները իրատեսական հարթութիւն բերելու համար Եւրոպայի երկիրներու նկատմամբ հայկական կողմի ակնկալութիւններուն, Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք մինչեւ գարուն առ ոչինչ յայտարարուելիք արձանագրութիւններուն կարգավիճակին, Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռնարկած բարեփոխումներուն յաւելեալ ժողովրդավարացում հետապնդած նպատակադրումին, ԵՏՄ – ԵՄ եւ ՀԱՊԿ – ՕԹԱՆ անդամակցութիւն-համագործակցութիւն համատեղուած ձեւաչափերուն, միջազգային միաւորներու որդեգրած բանաձեւերուն ընդառաջ երթալու գործնական փաստերուն եւ մանաւանդ արցախեան հակամարտութեան էութեան եւ հայկական կողմի դիրքորոշումներուն մասին:

Այս բոլորին մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի եւրոպական արժեհամակարգին հայկական կողմի որդեգրած քաղաքականութեան համահնչեղութիւնը եւ միւս կողմէ Պաքուի հակակառուցողականութիւնն ու հակաեւրոպականութիւնը լուսարձակի տակ առնելը: Բայց այստեղ արդէն ո՛չ միայն հայաստանեան բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարացման ուղիներու մատնանշումն է, այլ նաեւ Արցախի հետ կապուած տարբեր դրոյթներու վրայ եւրոպական ուշադրութիւնը հրաւիրելու կարեւոր քայլը:

Արցախը 2015 թուականին միակողմանիօրէն միացած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին եւ պարտաւորուած է լիարժէքօրէն կիրարկել այդ սկզբունքները: Հետեւաբար Եւրոպայի մէջ պէտք չէ ըլլան «գորշ գօտիներ», երբ խօսքը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին է, ինչպէս իրաւացիօրէն նկատած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը:  Այս նշումներէն ետք նախագահ Սարգսեան կը յուսայ, որ հեռու չէ այն օրը, երբ Արցախի կողքին կը կանգնի նաեւ այս կազմակերպութիւնը (Եւրոպական խորհուրդը)` իր ամբողջ փորձագիտական ներուժով: Արցախի բնակիչը անոր արժանի է եւ այդ իրաւունքը  վաղուց արդէն վաստակած է:

Ուրեմն. նախանշային ուղերձներուն մէջ` բարեփոխումները եւ դէպի Եւրոպա երթը շարունակելու, արձանագրութիւնները առ ոչինչ յայտարարելու, միակողմանի զիջումներու չերթալու, Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներու գործընթացին մասնակցելու առընթեր Սթրազպուրկի մէջ հնչած է նաեւ Արցախ-եւրոպական կառոյցներ համագործակցութեան ձեւաչափեր ճշդելու եւ իրականացնելու առաջադրանքի Երեւանի սատար կանգնելուն յստակ ուղենիշը:

Scroll Up