Հնչակեան Կուսակցութեան 130-Ամեակի Յիշատակում. Բարի Երթ Դէպի Նոր Հարիւրամեակներ

Գանձասար- Պատերազմէն նոր դուրս ելած Հալէպը օրէ օր կ՛աշխուժանայ եւ կը փորձէ վերագտնել իր նախկին կորովը: Միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ տեւաբար ջանք կը թափեն` իրենց ձեռնարկներով ժողովուրդը դուրս հանելու իր յոգնաբեկ վիճակէն եւ նոր թափ տալու ազգային, մշակութային կեանքին:

Կիրակի, 26 Նոյեմբեր 2017-ին կազմակերպութեամբ Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակի հանդիսաւոր յոբելեանը:

Նախքան բացման խօսքերը ՀՄՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ Սուրիոյ ազգային քայլերգները: Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Գօգօ Աղայեան, որ վերյիշեց 1915-ին Օսմանեան Կայսրութեան իրագործած Ցեղասպանութիւնը, դիտել տալով, որ երէկուան օսմանցին այսօր ալ կը շարունակէ իր կատաղի արարքը` այս անգամ Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին դէմ, միաժամանակ պատերազմ կը հրահրէ Միջին Արեւելքի մէջ:

Վարչութեան խօսքը արտասանեց Սիրան Զգուշեան-Շառոյեան, որ անդրադարձաւ Հնչակեան Կուսակցութեան փառապանծ անցեալին, անոր նպատակներուն, գաղափարախօսութեան, շեշտեց կուսակցութեան դերը ազատագրական պայքարին, մարդկային իրաւունքներու պահպանման եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան մէջ` աւելցնելով որ հայ ժողովուրդէն ծնած 130-ամեայ մայր կուսակցութեան նահատակները ազատութեան բագինին զոհաբերեցին իրենց կեանքը, ուստի անոնք արժանի են բիւր յարգանքի:

«Հնչիր Հնչակ», «130-ամեակ» ոտանաւորները արտասանեցին Փարամազ Չորպաճեան եւ Թամար Աղայեան: Այնուհետեւ հանդիսականները հետաքրքրութեամբ դիտեցին «Պատմութիւն ՍԴՀ Կուսակցութեան» խորագրեալ տեսերիզը, ուր սեւ-ճերմակ պատկերներով ներկայացուեցաւ կուսակցութեան անցած ուղին, վեր առնուեցաւ իթթիհատականներու արիւնարբու արարքներուն դէմ պայքարի դրօշ պարզած հայ ժողովուրդին աննկուն կամքը: Յեղափոխութեան շունչով տոգորուած ժողովուրդը հնչակեան տիտաններու կողքին մաս կազմեց ցոյցերուն եւ ապստամբութիւններուն, ապա «Իթթիհատ վէ Թարաքքի»ի որոշումով, քսան հնչակեան հերոսներ արժանացան «կաղախան բարձրանալու պատիւին»` յանուն ազատութեան ու հայրենիքին:

Հալէպահայ սիրուած երգիչ Յակոբ Այնթէպլեանն ու զինք ընկերակցող նուագախումբը ազգային-յեղափոխական երգերով ոգեւորեցին հանդիսականները: Այնուհետեւ «Ղօղանջ» երգչախումբը հանդէս եկաւ իր առաջին ելոյթով` ներկայացնելով ազգային-հայրենասիրական երգեր, խմբավարութեամբ Յարութ Ալապոզանեանի:

Ձեռնարկի եզրափակիչ պատգամը արտասանեց Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով շնորհաւորեց Հնչակեան Կուսակցութեան 130-ամեակն ու գնահատեց կազմակերպուած հանդիսութիւնը: Ան յիշեց ազատերգակ բանաստեղծ Մ. Նալպանտեանի ծանօթ տողերը ու շեփորեց կամքը նահատակներուն, որոնք արիւն թափեցին հայրենիքի ազատութեան համար:

Ապա «հեռաւոր երկիր» քայլերգով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին:

Այսօր երկարամեայ մայր կուսակցութիւնը, հակառակ բազում դժուարութիւններուն, կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ: Սփիւռքի տարածքին, ան ծառայած է ազգապահպանման ու հայակերտման նուիրական գործին ` դպրոցներ պահելով, հայ պատանիին հոգիին մէջ սերմանելով ազգային-հայրենասիրական ապրումներ եւ վերջապէս պայքարելով ձուլման ու այլասերման երեւոյթներուն դէմ:

«Ահաւասիկ նոյն է մեր ուղին` այսօր եւ ընդմիշտ»:

Թղթակից

Scroll Up