Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի Տիկնանց Ցուցահանդէս-Վաճառքի Բացման Հանդիսութիւն

Կիրակի 3 Դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօր ժամը 12:00-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիի Տիկնանց Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Ցուցահանդէս–Վաճառքի բացման հանդիսութիւնը, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի «Փօլատեան» Սրահէն ներս: Ներկայ էին՝ հովիւներ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու ժողովուրդ, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ մշակութային Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն:
Ցուցահանդէսը բաց յայտարարեց Վերապատուելի Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան, բարձր գնահատելով ցուցահանդէսի առթիւ կատարուած բծախնդիր աշխատանքը եւ մաղթեց բարօր ու խաղաղ Նոր Տարի իւրաքանչիւրին: Ցուցահանդէսին վաճառուեցան ուտեստեղէններ, որոնք պատրաստուած էին Տիկնանց Վարչութեան եւ եկեղեցիի տիկիններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ յատուկ ձեռային աշխատանքներ: