Հայկական Հետքը Իսրայէլի Մէջ

Իսրայէլը ամէն օր կ’ընդունի հազարաւոր զբօսաշրջիկներ, որոնք երկըիրը կ’այցելեն տեսնելու Սուրբ հողի հրաշքները: Բայց Սուրբ հողը նոյնը չէր ըլլար առանց հայկական հետքի: Այս մասին կը յայտնէ armeniasputnik.am-ը։
Եաֆֆան Թել Ավիվի եւ Հին Իսրայէլի գլխաւոր նավահանգստային քաղաքներէն մէկն է: Շրջագայութեան ընթացքին այս հնագոյն քաղաքի մէջ կարելի է նկատել անգլերէն լեզուով գրուած ցուցանակ մը, որ կը տանի դէպի Հայկական վանք:
Այդ ժամանակ Նապոլէոնի բանակը օգնութիւն խնդրած է Հայոց պատրիարքէն: Հայ հոգեւորականներու մէջ կային մարդիկ, ովքեր կը տիրապետէին բժշկութեան գաղտնիքներուն: Անոնք կը սկսին հոգ տանիլ Նապոլէոնի զինուորներուն, որոնցմէ մէկ մասի կեանքը կը կարենան փրկել: Միւսները կամ հիւանդութենէն կը մահանան, կամ կը գնդակահարուին Նապոլէոնի հրամանով:
Այստեղ գլխաւոր շինութիւն կարելի է համարել Սիմոն Կաշեգործի տունը, ուր աւանդոյթի համաձայն, հանգրուանած է Պետրոս առաքեալը:
«Շինութիւնը (որը վերջին 2000 տարուան ընթացքին մի քանի անգամ վերանորոգուած է) հասած է մինչեւ մեր օրեր: Բնականաբար, դժուար թէ կարելի ըլլայ ներս մտնել, ան սովորական տուն է, որ անյիշելի ժամանակներէն կը պատկանի Զաքարեան ընտանիքին»,-պատմում են պատի հեղինակները: