Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելած Է Լիոնի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցի Եւ «Մարգարեան-Փափազեան» Վարժարան

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նոյեմբեր 27-ին, Լիոնի մէջ ՀՀ փոխհիւպատոս Գայեանէ Մանուկեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է Լիոնի Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցած տէր Իսահակ աւագ քահանայ Հեքիմեանի, եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ժան-ժաք Օսմանջեանի հետ, ծանօթացած եկեղեցւոյ պատմութեան:

Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարարը այցելած է Լիոնի «Մարգարեան-Փափազեան» ամէնօրեայ վարժարան, ուր կը  յաճախէ 200-է աւելի աշակերտ:

Հրանոյշ Յակոբեան ծանօթացած է վարժարանի առօրեային, շրջայց կատարած դասասենեակներով, հանդիպած աշակերտներու հետ:

Այնուհետեւ նախարարը ընդունած է «Մարգարեան-Փափազեան» վարժարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Սթելլա Ղազարեան: Հանդիպման ներկայ  եղած են վարժարանի տնօրէն Իկզաւիէ Ժիրուն, ուսուցիչներ:

Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարած է վարժարանի դերը հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանութեան գործին մէջ: Յորդորած  մասնակցիլ նախարարութեան ծրագիրներուն, այցելել Հայաստան` ամրացնելով կապը հայրենիքի հետ:

Այնուհետեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մեկնած է Տեսին քաղաք եւ հանդիպած Տեսինի քաղաքապետ Լորանց Ութրոյի հետ:

Scroll Up