Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հանդիպած Է Լիոնի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նոյեմբեր 26-ին հանդիպում  ունեցած է Կեդրոնական Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) անդամներուն հետ: Հանդիպման ներկայ  եղած են ատենապետ Րաֆֆի Գրիգորեան, փոխատենապետ Վազգէն Էսքիջեան, ընդհանուր քարտուղար Մկօ Մխսեան, Աննա Ժամբոն, Լիզա Ժիլիպեր եւ Արթուր Տէրտէրեան:

Հրանոյշ Յակոբեանին կ’ուղեկցէր Լիոնի մէջ ՀՀ փոխհիւպատոս Գայեանէ Մանուկեան:

Իր ելոյթին մէջ նախարարը անդրադարձած է Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներուն, խօսած է Հայաստանի զարգացման հեռանկարներու մասին:

Հանդիպման ընթացքին CCAF-ի վարչութեան անդամները իրենց առաջարկները ներկայացուցած են Հրանոյշ Յակոբեանին:

Այնուհետեւ Սուրբ Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ կից «Կարպիս Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում մը ունեցած է Լիոնի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախարարը ներկայացուցած է Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները, կատարած աշխատանքը: Համայնքի անդամներուն քաջալերած է հայրենիք այցելել, գործուն մասնակցութիւն ունենալ Հայոց  պետականութեան հզօրացման: Ելոյթի աւարտին Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւներ  յանձնած է համայնքային գործիչներուն:

Հանդիպման աւարտին Սփիւռքի նախարարը պատասխանած է ներկաներու հարցերուն:

Scroll Up