Հայու Տեսակը. Լիլիթ Գրիգորեան

Հայոց հազարամեայ կենաց ծառի դալար ճիւղերը ամէն գարուն կ’ամրանան, կը հարստացնէ սաղարթը կանաչով, ու ծառը նոր կեանք կը ստանայ: Կը ձգուին վեր, կը տարածուին… կը սփռուին աշխարհի մէջ: Ուր ալ ապրին, արմատը այստեղ է` հայոց հողի մէջ, ա՛յս հողէն  սնունդ կ’առնէ ու դէպի ա՛յս հողը կը տենչայ հայու տեսակը:

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը դաշնակահարուհի Լիլիթ Գրիգորեանն է:

Ձեր առաջին երաժշտական յիշողութիւնը, առաջին ուսուցիչը, առաջին քայլերը երաժշտական աշխարհի մէջ:

– Դաշնամուրը մանկութենէս կեանքէս մաս կը կազմէ: Մեր տան մէջ միշտ հնչած է երաժշտութիւնը: Մայրս`Նոնա Ոսկանեան, երաժշտագէտ է, հայրս` Յովիկ Գրիգորեանը, մասնագիտութեամբ`  ֆիզիկոս, նաեւ լաւ դաշնամուր կը նուագէ: Իմ առաջին երաժշտական յիշողութիւններս հէնց անոնց հետ  կապուած են, երբ մայրս ու հայրս չորս ձեռքով Պեթհովընի սիմֆոնիաները կը նուագէին: Ծնողներս կը պատմեն. շատ փոքր տարիքի մէջ (գուցէ մէկ կամ երկու տարեկան) մայրս տարած է ինծի  Ալ. Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոց, ուր ինք կ’աշխատէր: Արքուհի Յարութիւնեան, որ յետագային դարձաւ առաջին ուսուցիչս, ձեռքիս նայած  ու ըսած է, որ դաշնակահարի ձեռքեր են ու դաշնակահար պիտի դառնամ, երբ մեծնամ: Արդէն եօթ տարեկանէս դարձայ անոր աշակերտուհին:

Մանկութենէս սիրած եմ բեմը, այն ամէնը, ինչ կապուած է բեմի հետ: Տաս տարեկանիս մասնակցեցայ «Շնորհալիներ-95» փառատօնին, փուլէ փուլ անցայ ու դարձայ առաջին մրցանակակիրը: Այդ տարիքիս էր նաեւ առաջին ելոյթս պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ` Լ. Ճգնաւորեանի ղեկավարութեամբ: Այնուհետեւ  ընդգրկուեցայ «Նոր անուններ» բարեգործական ծրագիրի կազմին մէջ` Սիլվա Մեքինեանի ղեկավարութեամբ: «Նոր անուններ»-ու համերգային շրջագայութիւններն ու բեմերը կատարողական մեծ դպրոց էին ինծի համար:

Դպրոցը աւարտելէ ետք ընդունուեցայ  Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց` փրոֆէսոր Սերգէյ Սարաջեանի դասարանը, սկսաւ նոր փուլ իմ կեանքիս մէջ: Հայաստանեան իւրաքանչիւր այցիս կը հանդիպիմ ուսուցիչիս, հաշուետուութեան պէս  բան մըն է ինծի համար. Կը նուագեմ, կը լսեմ անոր կարծիքը:

Արքուհի Յարութիւնեանի եւ Սերգէյ Սարաջեանի կարծիքն ու խորհուրդները առ այսօր  շատ կարեւոր կը համարեմ:

Ինչպէ՞ս յայտնուեցաք Գերմանիոյ մէջ, ինչպէ՞ս դասաւորուեցաւ Ձեր յետագայ մասնագիտական կատարելագործումն  ու ստեղծագործական գործունէութիւնը արտերկրի մէջ:  

– Դեռ Երաժշտանոցի մէջ ուսանելու տարիներուս ընդունուեցայ Ռոստոկի երաժշտանոցը` Մաթիաս Քիրշներայթի դասարանը: Սկիզբը չէի կրնար պատկերացնել, որ ամուր կապերով պիտի կապուիմ այս քաղաքին հետ: Զուգահեռ կը շարունակէի ուսումս Հայաստանի մէջ: Յաջորդաբար աւարտեցի Երեւանի, այնուհետեւ Ռոստոկի երաժշտանոցները: Արդէն  քանի մը տարի է` Քիրշներայթի օգնականն եմ: Ինծի համար շատ հետաքրքիր ու պատասխանատու աշխատանք է:

Կեանքիս մէջ երջանիկ պատահականութիւնները շատ են, ատոնցմէ է հանդիպումս Մարիա Ժոաօ Փիրեսին:

Պեռլինեան ելոյթէ մը ետք  հրաւէր ստացայ Ելիզաւէտա Թագուհիի երաժշտական ակադեմիայէն (Պելճիքա): Կատարելագործուեցայ Մարիա Ժոաօ Փիրեսի դասարանին մէջ, այսօր արդէն կը համագործակցիմ  անոր  հետ:

Մարիան յեղաշրջում կատարեց իմ կեանքիս մէջ, թէ՛ որպէս մեծ դաշնակահար, թէ՛ որպէս մարդ: Անոր փիլիսոփայութիւնը, նուիրուածութիւնը արուեստին, բեմին, սէրը դէպի բնութիւնն ու այդ սէրը մարդոց հետ կիսելու պատրաստակամութիւնը օրինակ են ինծի համար: Ես երջանիկ եմ, որ  ուսանելու, անոր հետ աշխատելու հնարաւորութիւն ունեցայ:

Տարիներու ընթացքին Մարիայի եւ անոր  քանի մը նախկին ուսանողներու հետ միասին հիմնեցինք «Պարտիտուրա»  ընկերակցութիւնը: Ընկերակցութեան նպատակներէն են. գտնել ոչ աւանդական համերգային սրահներ` երաժիշտ-ունկնդիր շփումը դնելով նոր հարթութեան վրայ, համագործակցիլ այլ երաժիշտ-կատարողներու հետ, միաւորել աշխարհը երաժշտութեան միջոցով ու երաժշտութեան շնորհիւ: Կ’իրականացնենք ընկերային ծրագիր`այս ծրագիրի ծիրէն ներս համերգներ  կազմակերպած ենք անգամ բանտերու մէջ: Մարիան կը կիսէ բեմը մեզի հետ, ատիկա ալ  իր մէջ ունի խոր իմաստ`կը միաւորէ տարբեր սերունդներու երաժիշտները: Կ’իրականացնենք վարպետութեան դասեր (workshop), որոնց ընթացքին միասին կը փորձենք երաժշտական լուծումներ գտնել:

Մենահամերգներ  ունեցած էք աշխարհի քսանեօթ երկրի մէջ, որպէս մենակատար` հանդէս  եկած էք աշխարհահռչակ նուագախումբերու հետ, ինչպիսիք են` Վարսովայի սիմֆոնիկ նուագախումբը, Կուլպէնկեան նուագախումբը, Լիեժի թագաւորական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը, Լեհական կամերային ֆիլհարմոնիկ եւ Վալոնայի թագաւորական կամերային նուագախումբերը: Ա. Խաչատրեանի, Ֆ. Պուլենկի, Վ. դա Մօտտայի , Պադերեւսկի անուան  մրցոյթներու դափնեկիրն էք, պարգեւատրուած էք ՀՀ նախագահի մրցանակով: Կա՞յ ելոյթ, բեմել, որ յատկապէս տպաւորուած էք ու կառանձնացնէք:

– Տպաւորիչ էր այս տարի Մարիա Ժոաոյ Փիրեսի հետ համատեղ ելոյթը Զալզպուրգի «Մոցարտ»ի  հիմնադրամի դահլիճին մէջ: Համերգը սկսանք եւ աւարտեցինք Մոցարտի չորս ձեռքի համար գրուած երկու սօնատով: «Մոցարտէի մէջ»-ի պատմութեան ընթացքին փոքր Տօ մաժոր սօնատի առաջին կատարողը մենք էինք: Այդ սօնատը նուագեցինք պատմական գործիքի վրայ:

Կարեւոր կը համարեմ Վերբիեր փառատօնին մասնակցութիւնս, ուր ստացայ դաշնամուրային մրցանակ,  քանի մը տարի անց զիս հրաւիրեցին համակարգելու դաշնամուրային դասարանը` նոյն փառատօնին ծիրէն ներս: Հետաքրքիր էր տեսնել երաժշտական աշխարհի կազմակեպչական կողմն ու ըլլալ ակադեմիայի մէկ մասը:

Շատ կը շրջագայիք, պարբերաբար կայցելէք նաեւ Հայաստան: Ինչը Ձեզի կ’ուրախացնէ, կամ հակառակը` կ’անհանգստացնէ այսօր Հայաստանի երաժշտական առօրեային մէջ: Ին՞չ զգացողութիւններ ունիք, երբ ելոյթ կ’ունենաք հայաստանեան ունկնդրին առջեւ:

– Կը յուզուիմ ամէն անգամ, երեւի ամենաբարդ բեմը հայաստանեան բեմն է, մեծ պատասխանատուութիւն է: Կ’ուրախացնէ, որ դահլիճները լեցուն են, որ կան տարբեր փառատօներ, անհատներ, որոնք հարթակ կը տրամադրեն դասական երաժշտութեան, նաեւ դուրսը ապրող հայ երաժիշտները հնարաւորութիւն կը ստանան ելոյթ ունենալու հայաստանեան բեմերուն վրայ: Ինքս մասնակցած եմ «Վերադարձի» փառատօնին`  Մարիամ Շահինեանի հրաւէրով, Ա. Խաչատրեան միջազգային փառատօնին, Արմէնիա միջազգային երաժշտական փառատօնին` Սերգէյ Սմբատեանի հրաւէրով:

Կ’ափսոսամ, որ չունինք լաւ գործիքներ մեր համերգասրահներուն մէջ: Յոյսով եմ` լուծումներ կը գտնուին ու մեր դաշնակահարները հնարաւորութիւն կը ստանան նուագելու լաւ գործիքի վրայ:

Երկու երաժիշտ մէկ ընտանիքի մէջ, ինչպէ՞ս կ’անդրադառնան մասնագիտական յարաբերութիւնները մայրդուստր յարաբերութիւններուն վրայ:

– Մայրս միշտ կողքիս է, բայց երբեք չէ փորձած իմ փոխարէն որոշումներ կայացնել: Իմ ցանկութիւնս  ու իմ ընտրութիւնս  բեմի վրայ ըլլալը : Շնորհակալ եմ անոր, նաեւ իր տուած մասնագիտական գիտելիքներուն համար, քանի որ տեսական գիտելիքները, որ ունիմ` անոր շնորհիւ է: Գիտեմ, որ ծնողներս ուրախ են ու հպարտ իմ յաջողութիւններով:

Չնայած երտասարդ տարիքի, ելոյթ ունեցած էք աշխարհի լաւագոյն բեմերու վրայ. Պեռլինի համերգասրահ, Համպուրկի էլպ ֆիլհարմոնիա եւ Լայից սրահ, Էսսենի ֆիլհարմոնիա, Ամսթերտամի կոնցերտգեբաուն: Այս ամէնը կը պահանջէ հսկայական աշխատանք, կամքի ուժ, աշխատասիրութիւն: Որ՞ն է Լիլիթ Գրիգորեան դաշնակահարուհիին յաջորդ քայլը, ի՞նչ ծրագիրներ ունիք մօտ ապագային:

– Ունիմ երեք ձայնասկաւառակ`մէկ սօլօ ալպոմ, երկուքը` կամերային երաժշտութիւն: Ձմեռը կը պատրաստուիմ ձայնագրել երկրորդ սօլօ ալպոմը: Մօտակայ ծրագիրներէն կ’առանձնացնէի մարտ ամսուն կայանալիք մենահամերգը Էլբ ֆիլհարմոնիայի մէջ, ամառը` Ռոստոկի մէջ, Մեքլենբուրգ-ֆորփոմերն փառատօնի ծիրէն ներս` Պրամսի առաջին համերգի կատարումը:

Արդեօ՞ք կը մնայ ազատ ժամանակ անձնականի համար, ինչպէ՞ս կը տնօրինէք Ձեր ազատ ժամանակը կամ հանգիստը: Երեք գործօն, որոնց առկայութիւնը Ձեզի կու տայ երջանկութեան զգացողութիւն:

– Ազատ ժամանակ քիչ կը մնայ, ի հարկէ: Ամէն անգամ, երբ ծնողներուս կը զանգահարեմ` այս կամ այն  օդակայանէն: Հաւասարակշռութիւնը կ’աշխատիմ պահպանել, այնուամենայնիւ, եւ նաեւ՛ հանգստանալ: Շատ շփուող եմ, հակառակ դաշնակահարներու մասին տարածուած կարծիքին, որ սովորաբար փակ են ու ինքնամփոփ:

Սրտիս մէջ իմ ընտանիքս է,  հնարաւորութեան պարագային` երեկոն ընկերներուս հետ,  գաւաթ մը գինիով, իսկ ճանապարհին` լաւ գիրքը:

Հ.Գ. Մատրիտ – Ռոստոկ հեռախօսակապը աւարտուած է, սենեակս լեցուած է իւրայատուկ ջերմութեամբ… հայաստանոտ է:

Զրուցեց Աղաւնի Գրիգորեան

 

Scroll Up