Հայ-Սուրիական Ներդրումային Ծրագիր, Որ Պիտի Վերականգնէ Հայկական Գործուածքի Արդիւնաբերութեան Երբեմնի Համբաւը

Ներդրումային խոշորածաւալ ծրագիր, որ պիտի վերականգնէ հայկական գործուածքի արդիւնաբերութեան երբեմնի համբաւը. «Մուլտի Գրուպ» հիմնարկութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ յայտնի «Սապաղ Գրուպ» ընկերութիւնը համատեղ ներդրումային պայմանագիր  ստորագրած են: Այն կը նախատեսէ յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին Հայաստանի գործուածքի արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ստեղծել աւելի քան 4000 աշխատատեղ: Նախնական ներդրումներու ծաւալը պիտի գերազանցէ 30 միլիոն տոլարը: «Սապաղ Գրուպ» ընկերութեան վարչական կազմի նախագահ Ամար Սապաղը յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ խոշոր ներդրում պիտի կատարեն` հաշուի առնելով Գագիկ Ծառուկեանի հեղինակութիւնն ու անոր հանդէպ ունեցած վստահութիւնը:

Մանրամասնութիւնները` KENTRONTV1 տեսանիւթին մէջ.

 

Scroll Up