Կը ՄեկնարկԷ «Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւն-300» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողովը
Հոկտեմբեր 24-ին, ժամը` 10:00-ին, Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ կը մեկնարկէ «Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւն-300» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովը:
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիյեան, ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան, ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:
Այնուհետեւ` ժամը 14:00-16:30-ին, գիտաժողովը կ’ընթանայ Ա («Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ», ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճ), Բ («Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ», ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի նիստերու դահլիճ, 1-ին յարկ), Գ («Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ», ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գրադարան, 7-րդ յարկ) բաժանմունքներուն մէջ:
Զեկուցումներով հանդէս կու գան գիտական կառոյցներու ներկայացուցիչներ` գիտնականներ, դասախօսներ, մտաւորականներ: