Եւրոպահայերու 4-րդ Համագումարը Արդիւնաւէտ Էր Ներքին Ու Արտաքին Իմաստներով. Գէորգ Յակոբճեան

Հոկտեմբեր 18-19-ը Պրիւքսելի մէջ կայացաւ Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարը, որն անդրադարձաւ 4 կարեւոր թեմաներու՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական պայքարին, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, Հայապահպանութեան խնդիրներուն, Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

«Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում» խորագիրով կլոր սեղանի ընթացքին բանախօսեցին միջազգային իրաւունքի փորձագէտ Վլադիմիր Վարդանեան, Պոխումի Ռուր համալսարանի Սփիւռքի եւ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Միհրան Տապաղ: Նիստը կը վարէր Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքի հայկական իրաւաբանական կեդրոնի տնօրէններու խորհուրդի անդամ  Գէորգ Յակոպճեան, որուն հետ եւ զրուցած է «Հայերն այսօր»ը:

– Գէո´րգ, Եւրոպահայերու համաժողովին առաջին անգա՞մ կը մասնակցէիր, թէ՞ նախորդներուն ալ  ներկայ եղած ես:

– Առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէի Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կազմակերպած համաժողովին: Անցեալին, քանի մը առիթներով Եւրոպահայութեան մակարդակի այլ միջոցառումներու մասնակցելու առիթ ունեցած եմ, սակայն իր ձեւաչափով, մասնակիցներու բազմազանութեամբ ու բովանդակութեամբ այս համաժողովը կը տարբերէր նախորդ փորձառութիւններէն:

– Գէո´րգ, Դուն համագումարի «Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում» խորագիրով կլոր սեղանի զրուցավարն էիր ու ամէնէն երիտասարդ մասնակիցը: Ի՞նչ է քեզի համար նման պատասխանատու գործ ստանձնելը:

– Թերեւս զրուցավարներուն ամէնէն երիտասարդն էի, սակայն ե՛ւ զեկուցաբերներուն ե՛ւ մասնակիցներուն մէջ բարեբախտաբար ակներեւ էին երիտասարդներուն ներկայութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը: Երբեմն այս երեւոյթին մատնանշումը սկսած է վիրաւորական թուիլ: Ինչո՞ւ կ՛ուզենք աչք ծակել, որ երիտասարդութեան առիթ կու տանք: Խորքին մէջ, նման գործեր նուազագոյն պատասխանատու պարտականութիւններն են, որ հայ երիտասարդութիւնը կրնայ ստանձնել: Աշխարհ փոխուած է ու երիտասարդութիւնը միա՛յն դիտողի, լսողի ու ենթարկուողի հանգամանգէն անցած է նաե՛ւ ծրագրողի, դերակատարի,  գործադրողի ու ղեկավարողի դաշտ:

Եւրոպայէն քանի մը փայլուն օրինակներ կարելի է վերցնել: Աւստրիոյ նոըրնտիր Վարչապետը ընդամէնը 31 տարեկան է, Միացեալ Թագաւորութեան վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն 21 տարեկան երիտասարդուհի մը ընտրուեցաւ, Ֆրանսայի նախագահը 39 էր, երբ նախագահութիւնը ստանձնեց: Կը յուսամ, որ մօտիկ ապագային շատ բնական եւ յիշատակելու անարժան երեւոյթի կրնանք վերածել արհեստավարժ ու մասնագէտ երիտասարդութեան ներգրաւումը մեր հաւաքական կեանքի բազմաշերտ ոլորտներուն մէջ:  Այս չի նշանակեր սակայն, թէ երիտասարդութիւնը սորվելու կարիք ու անհրաժեշտութիւն չունի երէց սերունդներու փորձառութենէն ու գիտելիքներէն: Այսօր, մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէ: Մէկ սերունդին անտեսումով բոլորս կը տուժենք: Կարեւորը, տարբեր սերունդներու պատկանող մեր ներուժին կարողականութիւնը համակարգուած ձեւով մեր հաւաքական շահերուն ի նպաստ ծառայեցնելն է:

– Ինչպէ՞ս կ’ամփոփես նիստի աշխատանքները:

– Համագումարի 3-րդ նիստի բովանդակութիւնը (Ցեղասպանութեան Յիշողութեան Կարեւորութիւնը մեր Պահանջատիրութեան ծիրէն ներս եւ պահանջատիրութեան մէջ եւ Հատուցման Գործընթացի Երեւոյթը),  յոյժ կարեւոր է: Նիստի ընթացքին ներկայացուած զեկոյցները ու անոնց յաջորդած խորունկ քննարկումները ձեւով մը փակագիծերը բացին 2015-ին ընդունուած «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին: Նիստը փորձեց պատասխաններ տալ՝ ի՞նչ կը հասկնանք, ի՞նչ պէտք է գիտնանք եւ ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք, երբ Ցեղասպանութեան յիշողութեան ու հատուցման հոլովոյթին մասին կը քննարկենք:

Եթէ ոմանք մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ սփիւռքը կը հիւծի, ապա այդ հիւծացման գործընթացին մէջ ամէնէն առաջ մեր հաւաքական յիշողութիւնը կը խամրի: Այս պատճառով մեր հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահելու համար ջանքեր պէտք չէ խնայել:  Հատուցման գործընթացին պարագային, քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներուն կողքին, իրաւական իրատես, արհեստավարժ, զգոյշ, համակարգուած ու միացեալ ռազմավարութիւն որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը անվիճելի է:

– Գէորգ, քեզի ինչ փորձառութիւն տուաւ համագումարը :

– Համագումարը արդիւնաւէտ էր ներքին ու արտաքին իմաստներով:  Հայաստանի եւ Արցախի պետական այրերուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայութիւնը ու մասնակիցներուն հետ հաղորդակցութիւնը գօտեպնդիչ էին: Բաւականին դրական էր, Եւրոպայի տարբեր անկիւններէն համաժողովին մասնակցող արեւմտահայ ու արեւելահայ զանգուածներու ներկայութիւնը, ինչ որ այլ նմանատիպ հաւաքներու յաճախակիօրէն կարելի չէ հանդիպիլ: Այսինքն, համաժողովը, ներքին իմաստով հանդիպման արդիւնաւետ միջավայր ստեղծելու եւ քննարկումներ կատարելու նպաստեց տարբեր ու զանազան «պաքկրաունտներ» ունեցող Եւրոպահայերուն համար:

Արտաքին գետնի վրայ, համաժողովը Եւրոպական քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներուն յստակ պատգամներ փոխանցեց՝ Եւրոպահայութեան ցանցային կարողութիւններուն եւ ներուժին, ինչպէս նաեւ Եւրոպահայութիւն–Հայաստան-Արցախ ամուր յարաբերութիւններու առկայութեան մասին:

Համաժողովը Հայաստանի հզօրացման, Հայաստան-Եւրոպական կառոյցներ յարաբերութիւններու ամրագրման, Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման ու Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման ազդեցիկ քարոզչութիւն կատարեց, ինչպէս նաեւ որպէս կազմակերպուած հաւաքականութիւն՝ Եւրոպական բազմամշակութային խճանկարին մէջ ազդեցիկ մասնիկ մը ըլլալու իրականութիւնը փոխանցեց:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up