Մեծարենցի «Տո˜ւր Ինծի, Տէ˜ր, Ուրախութիւնն Անանձնական» Բանաստեղծութեան Ինքնագիրը Նուիրաբերուեցաւ Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարանին

Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի ձեռագրային բազմահազար նուիրատուութիւնները համալրուեցան եւս ﬔկ կարեւոր ցուցանմուշով: Փարիզաբնակ մտաւորական, գրող, թարգմանիչ, թանգարանի վաղեﬕ բարեկամ Հրայր Հրաչեան հոկտեմբեր 20-ին թանգարանին նուիրաբերեց Միսաք Մեծարենցի հանրայայտ «Տո˜ւր ինծի, Տէ˜ր, ուրախութիւնն անանձնական» աղօթք-բանաստեղծութեան ինքնագիրը:

 «Հայ բանաստեղծութեան այս գլուխգործոցը Մեծարենցը հիւսած է կեանքի վերջին աﬕսներուն` կոչելով զայն «Արդի մարդուն «Հայր ﬔրը»: Այն բաղկացած է երեք էջէ եւ, ըստ իս, ատիկա հանճարեղ աղօթք է, որ գրողը նուիրած է իր ﬔծանուն նախորդին` Պետրոս Դուրեանի եղբօրը` Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանին»,-«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին նշած է թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան: Ան ընդգծած է, որ թանգարանի մշտական ցուցադրութեան ﬔջ ընդգրկուած են մատանի, որ Միսաք Մեծարենցը նուիրած է մօրը, եւ Մեծարենցի յառաջադիմութեան թերթիկը, որ գրողը ստացած է Պոլսոյ կեդրոնական վարժարանին մէջ ուսանելուն:

«Տո˜ւր ինծի, Տէ˜ր, ուրախութիւնն անանձնական» աղօթք-բանաստեղծութեան ինքնագիրը կը համալրէ Միսաք Մեծարենցի ֆոնտը:

Scroll Up