Հայաստանի ՄԷջ Ատամնաբուժութիւնը Բաւականին Զարգացած է. Ամերիկաբնակ Ատամնաբոյժ

Ամերիկաբնակ ատամնաբոյժ, prosthetic-implantologist Վահիկ Փաուլ Մսրխանին ծնած է Իրան, դպրոցն աւարտելէ յետոյ մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Թեհրանի մէջ, ապա ուսումը շարունակած Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ, ԱՄՆ-ի մէջ, սկզբնական շրջանին Լոս Անճելըսի, յետոյ` Կլենտելի մէջ ( UCLA, Ճորճիայի համալսարան):

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Վահիկ Փաուլ Մսրխանին տեղեկացուց, որ մասնագիտական ընտրութեան հարցով ոգեշնչուած է ծանօթ ատամնաբուժերէն մէկուն կերպարով, որ իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է : Բացի Կլենտէլի ընտանեկան ատամնաբուժարանէն, Վահիկ Փաուլ Մսրխանը մասնաճիւղեր  բացած է Սան Տիեկօ եւ այլ քաղաքներու մէջ, նաեւ դասախօսութիւններով  հանդէս կու գայ:

Անդրադառնալով Կլենտէլի հայ ատամնաբուժներու ընկերակցութեան գործունէութեան` մեր զրուցակիցը տեղեկացուց, որ ընկերակցութեան կազմին Կլենտէլ ապրող շուրջ 300 հայ եւ այլազգի ատամնաբուժներ  ընդգրկուած են: Ի դէպ, 2017-2018 թուականներուն ընկերութեան նախագահ Վահիկ Փաուլ Մսրխանին ընտրուած է:

«Միշտ սերտ կապի մէջ կը գտնուիմ Հայաստանի գործընկերներուս հետ, որոնց հետ մեծ սիրով պատրաստակամ եմ մասնագիտական փորձառութեամբ կիսուելու, խորհուրդներ տալու: Նպատակադրուած եմ անոնց հրաւիրելու ԱՄՆ` ընկերակցութեան գործունէութեան ծանօթացնելու, միասին ոլորտին առնչուող խնդիրները հասկնալու համար»,-նշեց ատամնաբոյժը` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ ատամնաբուժութիւնը բաւական զարգացած է, նկատած է, որ որակեալ ծառայութիւն  կը մատուցուի, իսկ մասնագէտները` բանիմաց ու պատրաստուած են:

Յառաջիկայ կարեւոր ծրագիրներէն է 2018 թուականին Հայաստանի մէջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ատամնաբուժներու համաժողովի կազմակերպումը, որուն առնչուող հարցերը քննարկած է նաեւ օրեր առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ հանդիպման ժամանակ: Համաժողովին նպատակը պիտի ըլլայ զարգացնել ատամնաբուժութեան ոլորտը Հայաստանի մէջ, համախմբել աշխարհի հայ ատամանաբուժներու ներուժը եւ նպաստել անոնց միջեւ փորձի փոխանակումը:

Ատամնաբոյժը Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս հասցուցած է ոչ միայն շրջիլ տարբեր տեսարժան վայրերով, այլեւ դասախօսութիւն ունենալ Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ուսանողներուն համար. «Տպաւորուած եւ հիացած եմ հայ երիտասարդներու հետ կայացած հանդիպումէն, անոնց գրագէտ հարցերէն հասկցայ, որ մեծ հետաքրքութիւն  կը ցուցաբերեն բժշկութեան հանդէպ»,-զրոյցն ամփոփեց Վահիկ Փաուլ Մսրխանին:

Գէորգ Չիչեան

 

 

Scroll Up