Քըրմըզեան Ընտանիքին Նուէրը Պոլսոյ

Հոկտեմբեր 7-ին Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ պիտի կայանայ Պետրոս Դուրեանի նորակառոյց դամբարանի բացման արարողութիւնը: Աշխատանքները նախաձեռնած եւ ֆինասաւորած են ֆրանսաբնակ եղբայրներ Հրաչ-Անուշաւան եւ Յակոբ Քըրմըզեանները: Մէկ նպատակ ունի`  անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցել բանաստեղծին եւ սերունդներուն փոխանցել Դուրեանի պէս մարդոց յիշատակը վառ պահելու գաղափարը:

Մտայղացումը ծագած է մէկ տարի առաջ, երբ 2016 թուականի հոկտեմբեր 1-ին Հրաչ-Անուշաւան եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նախաձեռնութեամբ նորոգուեցաւ ու բացուեցաւ պոլսահայ յայտնի ճարտարապետներ պալեաններու ընտանեկան գերեզմանակոթողը, որ կառուցուած է Պեշիքթաշի մէջ Պալեաններու կողմէ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին տեսքով:

«Պալեաններու յիշատակը յաւերժացնելու ծրագիրն ու գերեզմանակոթողի կառուցումը իրականացուցած ենք Սթամպուլի «Հայճար» միութեան, ինչպէս նաեւ Աշոտ Գրիգորեանի օգնութեամբ, որ հաճելի զուգադիպութեամբ Պալեան գերդաստանի մասին գիրք կը պատրաստէր. «Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» վերտառութեամբ գիրքը լոյս տեսաւ անցեալ ամիս:

Պալեանները Պոլսոյ մէջ ձգած են ճարտարապետական հարուստ ժառանգութիւն` պալատներ, զինուորական շէնքներ, եկեղեցիներ, մզկիթները, դպրոցներ, այդ ամէնը հպարտութիւն կրնայ բերել իւրաքանչիւր ազգի: Եւ ինչպէս վայել է անոնց պէս մարդոց, գերեզմանակոթողի բացումը անցաւ շատ հետաքրքիր մթնոլորտի մէջ, որուն ներկայ էին Սթամպուլի քաղաքապետ Քատիր Թօփբաշը, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Օմեր Արըսոյը, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ: Շատ հաճելի էր մեզի համար տեսնել, որ այն երկրին մէջ, ուր Պալեանները շուրջ 2 դար շատ մեծ աշխատանք  կատարած են, պատմութիւն կերտած, անոնց կը յիշեն, այլ ոչ թէ կը փորձեն մոռցնել տալ անոնց ծագումը եւ հայ ազգի զաւակ ըլլալու հանգամանքը: Մեզի համար այնչափ կարեւոր էր, որ բացման յաջորդ օրը թրքական ԶԼՄ-ները շատ դրական ձեւով անդրադարձ կատարեցին, չկրցան որեւէ ժխտական բան գտնել»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը նշէ Հրաչ-Անուշաւան Քըրմըզեան:

Աշխատանքը մէկ նպատակ ունի, որպէսզի նոր սերունդը ճանչնայ հայ մեծերը, մարդոց, որոնք հպարտութիւն կրնան բերել իւրաքանչիւր ազգի. «Երբ ստանձնած էինք այդ աշխատանքը, մեզի յաճախ կը հարցնէին. «Դուք Պալեաններու ազգակա՞նն էք»: Կը պատասխանէինք. «Ո՛չ, թէեւ բոլորս ալ ինչ-որ չափով Պալեաններու ժառանգորդն ենք, որովհետեւ անոնք ո՛չ թէ մէկ համայնքի կը  պատկանին, այլ` հայ  ազգին»:

Ես ելեկտրօ-ճարտարապետ եմ, այժմ հանգիստի անցած եմ, եղբայրս գործարար է, Ռումանիոյ մէջ գործարան ունի: Միշտ կը մտածէինք` իբրեւ հայ, ինչո՞վ կրնանք օգտակար ըլլալ մեր ազգին: Դժբախտաբար քիչ մը կանուխ  ծնած ենք, եւ  քիչ մը դժուար կ’ըլլայ Հայաստանի մէջ որեւէ գործ ձեռնարկել: Եւ ճանապարհով փորձեցինք օգտակար ըլլալ մեր ազգին: Իւրաքանչիւր հայ իր կարողութիւններուն չափով պէտք է փորձէ անպայման հայրենիքին օգտակար ըլլալ, որովհետեւ քու օրինակովդ կրնաս նաեւ յաջորդ սերունդներուն վարակել», -նշեց նախաձեռնութեան հեղինակը:

Հրաչ-Անուշաւան Քըրմըզեան նաեւ աւելցուց, որ այս աշխատանքներուն շնորհիւ իրենք հնարաւորութիւն ունեցած են ծանօթանալու շատ հետաքրիր մարդոց հետ, առանց որոնց  հնարաւոր չէր ըլլար յաջողիլ: Եղբայրները  հովանաւորած են նաեւ «Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» գիրքը, որ պիտի հրատարակուի նաեւ արեւմտահայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն. «Ուրախ եմ, որ կրցայ ճանչնալ «Հայճար» միութեան անդամներ` Նազար Պինաթլիի, Գէորգ Օսկարագեօզի եւ Դաւիթ Այնալի հետ: Հիացած եմ նաեւ Աշոտ Գրիգորեանի աշխատանքով: Ան շատ կարեւոր գործ  կատարած է եւ արժէքաւոր գիրք հրատարակած: Մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն են մեզի համար նման ծանօթութիւնները: Երբ ճամփայ կ’ելլես, չես գիտեր` ի՞նչ կը պատահի, որո՞ւն կը հանդիպիս, որո՞նք կը յայտնուին քու ճանապարհիդ: Աստուած օգնեց մեզի, որ մեր ճանապարհին շատ կարեւոր մարդոց հետ ծանօթացանք եւ մեր ազգին կրցանք օգտակար ըլլալ: Ես յաճախ կը կրկնեմ` գրուած թուղթը, նոյնիսկ` սխալ, աւելի արժէքաւոր է, քան ճերմակը: Ես կը նախընտրեմ թուղթի վրայ  բան մը գրել: Սխալ ըլլայ, կը սրբագրեմ, հնարաւոր է ան, որ կը կարենամ իմ «գրածով»ս մէկ ուրիշին վարակել:

Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մեր երկրին` Հայաստանին: Ճիշդ է` ժողովուրդը շատ դժուարութիւններ ունի, բայց այդ բոլորը ժամանակաւոր են: Քանի մը օր առաջ գացած էի Դիլիջանի միջազգային դպրոց, Թումօ կեդրոն: Երբ այդ ամէնը կը տեսնես, կը մտածես, որ  մեր ազգի ապագան փայլուն պիտի ըլլայ: Յոյս ունիմ, որ նոր սերունդը շատ աւելի լաւ երկրի մէջ կ’ապրի»:

Լ. Ա.

 

Scroll Up