Ամփոփուեցաւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2017» Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրի ամփոփման նուիրուած խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան, Վահագն Մելիքեան, դպրոցի իրականացման ԵՊՀ պատասխանատու Մհեր Յովհաննիսեան, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Դաւիթ Շահբազեան, նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Քննարկուեցան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց-2017» ծրագիրի իրականացման հետ կապուած հարցեր, վեր հանուեցան բոլոր 5 ուղղութիւններով դասընթացներուն մէջ յառաջացած խնդիրները: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան ներկայացուց մասնակիցներու վիճակագրական պատկերը եւ աշխարհագրութիւնը:

Ամփոփելով քննարկման արդիւնքները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց դպրոցի դերը Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան, հայեցի լեզուամտածողութեան պահպանման եւ զարգացման, համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան ծրագիրներուն աջակցելու ուղղութեամբ:

Նախարարը նշեց, որ յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել երիտասարդութեան հետ տարուող աշխատանքներուն: «Անհրաժեշտ է որդեգրել դասաւանդման նոր ինտերակտիւ մեթոդ, կազմակերպել մրցոյթ «Լաւագոյն երիտասարդական ծրագիր» թեմայով: Յատկապէս երիտասարդներին պէտք է կապենք Հայրենիքի հետ», – աւելցուց գերատեսչութեան ղեկավարը: Նախարարը ուրախութեամբ շեշտեց, որ մեծաթիւ յայտեր կը ստացուին Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման եւ Հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու  վերապատրաստման դասընթացներու ուղղութիւններով:

Կարեւոր համարուեցաւ նաեւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի քարոզչութիւնն առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու հարցը:

Խորհրդակցութեան աւարտին տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ:

 

Scroll Up