ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Խումբ Մը Պրազիլցի Լրագրողներ

Հոկտեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  խումբ մը պրազիլցի լրագրողներ` Վագներ Գալտէիյրան, Ռիքարտօ Գարուալը, Ճուլիանա Ալպուքրեքը եւ Թաթիան Պոֆֆը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները լուսաբանելու նպատակով Հայաստան այցելելու եւ Պրազիլի մէջ պատշաճ ներկայացնելու համար: Սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Պրազիլի կառավարութեան բարեհաճ վերաբերմունքը հայ համայնքին նկատմամբ: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն հնարաւորութիւններուն համար, որ ընձեռուած է հայերուն`ընդելուզուելու, կայանալու, մասնակցելու Պրազիլի զարգացման գործընթացքին, ստեղծելու հայկական կառոյցներ ու կազմակերպութիւններ:

Վագներ Գալտէիյրան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նշեց, որ երկրորդ անգամ Հայաստան  այցելած են պրազիլահայ նշանաւոր գործարարներու` Պուրմայեան ընտանիքի մասին գիրք գրելու նպատակով: «2015թ. մեր այցելութիւնը, կը կարծեմ արդիւնաւէտ եղաւ, մենք մեր փոքրիկ լուման փորձեցինք ներդնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործին մէջ` առարկայական տեղեկատուութիւն տարածելով»,- նշեց պրազիլցի լրագրողը:

Անոնք հետաքրքրուեցան Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեամբ, իրականացուող ծրագիրներով, այն մեթոտներով ու ուղիներով, որոնց շնորհիւ հնարաւոր կը դառնայ զարգացնել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը:

Նախարարը ներկայացուց աշխարհի 118 երկիրներու մէջ ձեւաւորուած հայ համայնքներու հետ տարուող աշխատանքը, նշեց, որ գաղթականներու գործընթացները կ’ալեկոծեն երկիր մոլորակը, որուն բնակչութեան իւրաքանչիւր 34-րդը գաղթական է, 70 միլիոն մարդ Եւրոպայի մէջ եւ 86 միլիոն` Ամերիկայի մէջ չապրիր իր հայրենիքին մէջ, նշեց որ հայկական Սփիւռքը հիմնականին մէջ ձեւաւորուած է ցեղասպանութենէն յետոյ: Վերջին տարիներուն արտահոսքը Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն եւ Հայաստանէն` նոր արիւն  հաղորդած են ուծացման եզրին կանգնած համայնքներուն:

Նախարարը անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ռազմավարական ուղղութիւններուն: Կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքները, մասնաւորապէս նախարարութեան կողմէ սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան, հայ մշակոյթին հաղորդակցուելուն ուղղուած ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները: Նշեց, որ աշխարհի մէջ կը գործեն 600-է աւելի մշակութային կեդրոններ, հարիւրաւոր երգի, պարի, թատերական խմբակներ, երիտասարդական կառոյցներ:

Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց այն համահայկական խնդիրները, որոնց շուրջ կը համախմբուի հայ ժողովուրդը, անդրադարձաւ ժողովրդական դիւանագիտութեան եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ ներդրում ունեցող ազդեցիկ հայերուն եւ անոնց ազգանուէր գործունէութեան:

Կողմերն անդրադարձան Պրազիլի հայ համայնքի խնդիրներուն ու ձեռքբերումներուն: Անոնք կարեւոր համարեցին Պուրմայեան ընտանիքի դերակատարութիւնը համայնքի կազմակերպման, հայապահպանութեան եւ  խնդիրներու լուծման գործին:

Նախարարը բարձր գնահատեց Պրազիլի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Հիլտա-Տիրուհի Պուրմայեանի եւ անոր հանգուցեալ ամուսնուն` Վարուժան Պուրմայեանի` հայրենիքի զարգացման նպաստելուն, հայ պրազիլական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու պրազիլահայութեան համախմբման ուղղուած ջանքերը, իրականացուցած ծրագիրները: «Պատահական չէ, որ Հիլտա-Տիրուհի Պուրմայեանը պարգեւատրուել է «Մովսէս Խորենացի» մետալով եւ Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով,- նշեց Սփիւռքի նախարարը եւ աւելցուց,- ես երեք անգամ եմ եղել Պրազիլիայում եւ չափազանց տպաւորուած եմ, դուք հայերի նման զգացմունքային էք, տաքարիւն, ինձ գրաւեց ձեր ճարտարապետութիւնը, երաժշտութիւնն ու պարը, բազմամշակութային իւրայատուկ մթնոլորտը: Հպարտ եմ, որ Սան Փաուլոյի համայնքը համախմբուած է Պուրմայեան ընտանիքի շուրջը, եւ նա մեծ նուիրուածութեամբ է լուծում համայնքի խնդիրները: Այդ հրաշալի ընտանիքը մեր հենման կէտն է Պրազիլիայում, իսկ Վարուժան Պուրմայեանը բարեսիրութեան լեգենդ է դարձել: Կարծում եմ, նրանց կերտած ազգանուէր պատմութիւնն արժանի է վաւերագրման, եւ յուսով եմ` շուտով մեր սեղանին կը լինի ձեր նախաձեռնած գիքը»:

Աւարտին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տեսաուղերձով դիմեց Պրազիլի հայ համայնքին:

Scroll Up