Համահայկական Համաժողովին Ընթացքին Ինծի Հետաքրքրող Շատ Տեղեկութիւններ Ստացայ.Նոր Զելանտիոյ Հայկական Համայնքի Ղեկավար

Նոր Զելանտիոյ հայկական համայնքի ղեկավար Նուպար Եաղուպեան կը մասնակցէր սեպտեմբեր 18-20 կայացած «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն  եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան–Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովին:

«Հայերն այսօր»–ին հետ զրոյցին Նուպար Եաղուպեան կը խօսի ոչ միայն համաժողովին, այլեւ համայնքային կեանքին մասին.

– Նոր Զելանտիոյ հայկական համայնքը հիմնուած է քսան տարի առաջ` Օքլենտ քաղաքին մէջ, ուր այժմ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած քսանհինգ հայ ընտանիք կ’ապրի:

Չնայած փոքրաթիւ համայնք է, եկեղեցի չի գործեր, բայց ամէն ձեւով կը փորձենք մեր ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը պահպանել. Սիտնէյէն մեզի միշտ հոգեւորական կ’այցելէ, հոգեւոր զրոյցներ կ’ունենայ եւ պատարագ կը մատուցէ: Ի դէպ, ծրագրած ենք Օքլենտի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անունը կրող հայկական եկեղեցի կառուցել, որ կը կարծեմ` տեղի հայերը պիտի համախմբէ եկեղեցւոյ շուրջ եւ հոգեւոր զարթօնք պիտի պարգեւէ:

Համայնքին համար մտահոգիչ է հայ երիտասարդներու հայապահպանութեան հարցը, անոնց քիչ մը դժուար է կապել Հայրենիքի հետ, սակայն փութաջանօրէն կ’աշխատինք այդ ուղղութեամբ: Ինչպէս օրինակ` կը համագործակցինք ՀԲԸՄ հայկական վիրթուալ համալսարանին հետ:

Առաջին անգամ կը մասնակցիմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող համաժողովին, եւ յոյսով եմ` այսուհետեւ նախարարութեան հետ մեր փոխգործակցութիւնն առաւել կը զարգանայ: Հայաստանի հետ միշտ կապի մէջ կը գտնուինք, բայց այդ կապերը չեն ամրապնդուիր, եթէ նմանատիպ նախաձեռնութիւններու չմասնակցինք: Համաժողովի ծիրէն ներս հանդիպեցայ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Նախարարին հետ քննարկեցինք համայնքի գործունէութեան,  հայապահպանութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձանք համաժողովի ընթացիկ աշխատանքներուն:

Առհասարակ, Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովէն գոհ եմ, ինծի հետաքրքրող շատ տեղեկութիւններ ստացայ, ծանօթացայ տարբեր համայնքներէ եկած մարդոց,  որոնց հետ յետագային երկուստէք պիտի փորձենք համագործակցութեան դաշտ ստեղծել:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up