Կ’առաջարկենք Ստեղծել Սփիւռքի Տարածքին Համար «Հայկական Միասնական Հիմնադրամ». Յովսէփ Նալպանտեան
Սփիւռքահայ Երեք Յարանուանութեանց, Երեք Կուսակցութիւններուն, Բարեգործական-Բարեսիրական Կազմակերպութիւններուն, Հայրենակցական Եւ Մշակութային Միութիւններուն
Յարգարժան Տիարք,
Ստորագրեալս աւելի քան 35 տարիներու բանասէր-մանկավարժ-դասախօս եղած եմ, տարած եմ գրական-հրատարակչական, ազգ.-հաս. բեղուն աշխատանք Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ:
Ինծի համար (եւ ինչու չէ շատ քիչ հայերու համար), լուրջ խնդիր է Սփիւռքի հայապահպանման դժուար հարցը:
Նախ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր նախնիներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք 1920-ականներէն մինչեւ 1980-ականները տասնեակներով ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ հիմնեցին տարբեր երկիրներու մէջ:
Բայց վերջին աւելի քան երեսուն տարիները պատկերը այլ է: Եւ անշուշտ, երբ անկեղծօրէն խօսինք, պիտի ըսենք որ Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը մեծապէս ձախողած է, պատճառները շատ են:
Արդարեւ, 2000 թուականին Սփիւռքի հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ կը յաճախէին 5-4,5%, իսկ այսօր 2,5-2% միայն:
Պատուարժան պատասխանատուներ մեր վիճակը շա՜տ, շա՜տ, շա՜տ ծանր է:
Օրինակ մը տալու համար ըսենք, որ Գալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի մէջ կ’ապ-րին 90 հազար հայ: Այդ քաղաքի հայ աշակերտներու 50%-ի համար պէտք է բացուի 10 նոր դպրոց, նիւթական արժէք մօտ $200 միլիոն տոլար:
Այսինքն այլեւս ժամանակավրէպ է անջատ-անջատ աշխատելաձեւը, մենք պէտք է ունենանք Ազգային հաւաքական գիտակցութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթահա-րել Սփիւռքի կրթական հսկայ մարտահրաւէրները:
Ուրեմն կ’առաջարկենք շուտափոյթ ստեղծել, Սփիւռքի տարածքին համար, «Հայկական միասնական հիմնադրամ»: Նշեալ հիմնադրամը պիտի գործէ.
Ա- Վտանգուած հայկական ամէնօրեայ դպրոցները փակուելէ փրկել:
Բ- Յաջորդող տարիներուն, հիմնադրամի պիւտճէն երբ կը հզօրանայ, նոր դպրոցներ բանալ:
Գ- Այս հիմնադրամը անձեռնմխելի պիտի մնայ, անկախ հիմունքներով պիտի ծառայէ բոլորին անխտիր:
Անկեղծօրէն ըսենք, որ Սփիւռքի տարածքին վերջին 45 տարիներու ընթացքին փակուած է 207 դպրոց (չհաշուած Սուրիոյ վերջին պատերազմին փակուածները):
Հետեւաբար եւ ամենայն լրջութեամբ կ’ըսենք, եթէ յաջորդող քանի մը տարիներուն չստեղծուի հզօր հիմնադրամ մը, մենք յաջորդ տասնամեակին պիտի փակենք բազմաթիւ հայկական այլ դպրոցներ:
Մեր մատղաշ սերունդը կարիքն ունի ազգային հայեցի դաստիարակութեան: Այսօր հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդներ այլասերած են, քանի որ չեն ստացած հայեցի կրթութիւն:
Ըմբռնած ենք եւ գիտենք, որ Սփիւռքի 8 միլիոն հայութեան նոյնիսկ 5%-ը Հայաս-տան պիտի չվերադառնայ յաջորդ քանի մը տարիներուն…պատճառները բոլորդ գի-տէք: Դեռ աւելին, Հայաստանը մեր բոլորին սիրելի մայր Հայրենիքը, իր բազում խըն-դիրներով չի կրնար Սփիւռքի կրթական համակարգի համար նիւթական աջակցու-թիւն ցուցաբերել: Ուրեմն Սփիւռքի հայկական գոյատեւումը մեծապէս պահանջքն ունի վերոնշեալ հիմնադրամին:
Իրատեսութիւն, փոխ զիջում, փոխ ըմբռնում:
Ազգային բարձր գիտակցութեամբ մօտենանք այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին:
Միասնաբար կրնանք իրագործել: Օ’ն առաջ:
Յարգանքներով՝
Յովսէփ Նալպանտեան
Լոս Անճելըս
Յ.Գ.
Բաց նամակը ղրկուած է.
1- «Ասպարէզ» օրաթերթին: 2- «Նոր Օր» շաբաթաթերթին: 3- «Մասիս» շաբաթաթերթին: 4- «Հայերն այսօր» կայքէջին: 5- «Էրեբունի» կայքէջին: