«Հայապահպանման հիմնախնդիրներ»-ու անուան տակ քննարկուելիք թեման համաժողովին առաջնահերթ նիւթերէն մէկն է. Յարութիւն Սէլիմեան

Սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կայանալիք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով  Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ընդառաջ՝ կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ  Վեր.Յարութիւն Սէլիմեանի հետ:

– Ձեր կարծիքովո՞րն է Սեպտեմբերին կայանալիք ՀայաստանՍփիւռք համահայկական 6 րդ համաժողովի   առաջնահերթութիւնը:

– Կը խորհիմ, թէ իւրաքանչիւր թեմա, որ պիտի քննարկուի Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին,  ունի իր համազգային առաջնահերթութիւնը: Սակայն նկատի ունենալով վերջին վեց տարիներու Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները՝ «Հայապահպանման հիմնախնդիրներ»-ու անուան տակ քննարկուելիք թեման համաժողովին առաջնահերթ, հետապնդելի նիւթերէն մէկն է:

-Համաժողովի չորս թեմատիկ նիստերուն (Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ, ՀՀ պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն, Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ) ի՞նչ հարցեր կ՛ուզէք, որ քննարկուին:

– Ընդհանրապէս  կը նախընտրեմ քննարկումներ կատարել եւ վերլուծել հայապահպանութեան հիմնախնդիրները, այսպէս՝ վերջին վեց տարիներուն սուրիահայութեան պատերազմային օրերուն  դիմագրաւած հետեւեալ մարտահրաւէրներուն.

Ա-Արտագաղթի

Բ-Հայապահմանման  եւ մայրենի լեզուի պահպանման դժուարութեան

Գ-Պատեարզմէն յառաջացած Տնտեսական տագնապներուն

Դ-Պատերազմի սպառնացող վտանգներուն մասին:

-Որո՞նք են այն կարեւոր նախադրեալները, որոնց միջոցով Սփիւռքի մէջ  հնարաւոր կըլլայ հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներ իրականացնել` յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ:

– Սփիւռքի մէջ հայապահպանման հիմնական կռուաններն են` եկեղեցին, դպրոցն ու ակումբը:

Ուստի հետեւեալ նախադրեալները կարելի է նշել, որոնց միջոցով Սփիւռքի մէջ  հնարաւոր կ’ըլլայ հայապահպանման գործընթացի աշխատանքները.

1.Երիտասարդութիւնը ներգրաւել ու մղել դէպի ազգային կեանք եւ գիտակ դարձնել հայ մշակոյթը պահող արժէքներուն:

2.Երիտասարդութիւնը հայկական ծրագիրներուն հաղորդ դարձնել։

3. Համակարգուած ու միացեալ աշխատանք տանիլ միջ-յարանուանական ձեռնարկներ կազմակերպելով։

4. Սեմինարներու եւ կամ հաւաքական զրոյցներու ընդմէջէն իմանալ երիտասարդներուն հետաքրքրութիւնները, պահանջներն ու ակնկալիքները եւ պատրաստել այն բնագաւառները, ուր աշխատելու եւ արդիւնաբերելու լայն հնարաւորութիւն ունենան:

5. Կարեւորել մամուլին դերը սփիւռքի հայապահպանութեան ծիրին մէջ։

6. Սփիւռքի հզօրացման համար միջ յարանուանութեանց համագործակցութիւնը հիմնական ազդակ է։

7. Հայապահպանման գծով եկեղեցին, դպրոցները եւ յատկապէս ընտանիքները մեծ դերակատարութիւն ունին սերունդներու առողջ եւ հայեցի կրթութիւն ջամբելու վեհ ու ազնիւ գործին մէջ։

8. Նկատի ունենալով, թէ երիտասարդները ընդհանրապէս համացանցի ընթերցողներ են, ուստի տեղեկատուական եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու մէջ հիմնական է ազգային ինքնութիւնը պահպանող ազդակներու մասին յօդուածներ եւ շատ մը այլ դաստիարակիչ նիւթեր հրատարակել։

– Ին՞չ ակնկալիքներ ունիք Համաժողովէն:

– Ակնկալութիւններս բաւականին բարձր են: Լիայոյս եմ, որ   սոյն համաժողովի քննարկումները պիտի սատարեն հայապահպանութեան հիմնախնդիրներուն վերլուծման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային Ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ համազգային առաջնահերթութիւններու վերանայման, լրացման եւ Հայրենիք–Սփիւռք գործակցութեան հեռանկարներուն:

Scroll Up