Հայաստան Այցելած Գանատահայ Զոյգը Հայու Համար Միակ Հայրենիքը Հայաստանը կը Համարեն

Գանատահայ զոյգը հայու համար միակ հայրենիքը Հայաստանը կը համարեն: Մարգար եւ Էլիզ Շարապխանեանները 2007 թուականէն կ’ապրին Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղին մէջ: Սեփական միջոցներով վերանորոգած են գիւղի դպրոցը, մշակոյթի տունը:

Մարգար Շարապխանեան ծնած է Յունաստան, կրթութիւն  ստացած  Իտալիոյ մէջ, 40 տարի բնակած է Գանատա, բայց ինչպէս ան վստահեցուցած է  «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին, միայն Հայաստանի մէջ ինքզինք հայ կը զգայ: «Տարբեր երկիրներու մէջ ապրած եմ , բայց ոչ մէկ տեղ` ո՛չ Յունաստանի, ո՛չ Իտալիոյ եւ ո՛չ ալ Գանատայի մէջ, ես  հայ զգացած եմ, իմ ինքնութիւնս միայն Հայաստանի մէջ կը զգամ: Դուրսը ծնած, մեծցած ու ապրած մարդու համար Հայաստանի մէջ պէտք է ապրիլ: Ուզենք, թէ չուզենք բոլոր երկիրներու մէջ օտար ենք, միակ երկիրը որ կը զգանք, որ մերն է, Հայաստանն է»,-նշեց Մարգար Շարապխանեան` փաստելով, որ Հայաստան միայն Երեւանը չէ, այլ մարզերն ու գիւղերն են: «Ես կը հաւատամ Հայաստանի գիւղերուն, եւ Հայաստանի գիւղերու տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ: Ուշին փոքր գիւղ է` 10 տարի առաջ հողամաս գնեցի տուն կառուցեցի, հիմա հողամասին մէջ ես եւ ուրիշները կ’աշխատինք: Դպրոցը նորոգեցինք ու մշակոյթի տուն կառուցեցինք»:

Գանատայի մէջ 10 տարի համալսարանի գրադարանին մէջ աշխատելէ ետք Մարգար Շարապխանեան 1979 թուականին կ’որոշէ դպրոց հիմնել: Հայ օգնութեան միութեան օժանդակութեամբ հիմնուեցաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը: «Սկսայ մանկապարտէզէն եւ ամէն տարի մէկ դասարանով կը բարձրացնէինք, այսպիսով` 75 աշակերտով սկսանք, հիմա վարժարանը ունի 650 աշակերտ: Մեր աշակերտները 18 տարեկանէն համալսարան կ’երթան` 100 շրջանաւարտէն 97-ը այնտեղ համալսարան կ’ընդունուին: Դպրոցին մէջ թէեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն կ’անցնին, բայց հայկական դպրոց է»,-  կը պատմէ Մարգար Շարապխանեան:

Թէեւ խորհրդային տարիներուն պարոն Մարգարը Հայաստան եկած է, բայց ատիկա այն չէր: «1986 թուականին շրջանաւարտներուս ծնողները կանչեցի եւ ըսի` երեխաներուն ժամացոյց, խաչ կամ այլ իր նուիրելու փոխարէն Հայաստանի տոմս գնէք, եւ 22 հոգիով եկանք Հայաստան: Խորհրդային տարիներն էին»:

Խօսելով կնոջ հետ Հայաստան գալու մասին` պարոն Մարգար վստահեցուցած է, որ ուշեցի են ինքն ալ, կինն ալ: «Չէ դժգոհած ու չի դժգոհիր: Հայաստան գալու համար պէտք է նաեւ կինդ ալ ուզէ ու քեզի հետ գայ: Մինակ չըլլար»,-աւելցուց Մարգար Շարապխանեան:

Այսօր ալ զոյգը շատ ծրագիրներ ունի գիւղին հետ կապուած: Գանատա վերադառնալու մտադրութիւն չունին: Ուշիով հիացած են եւ զայն կը համարեն իրենց միակ տունը:

 

Scroll Up