Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովին Ընդառաջ. Բոլոր Մարտահրաւէրներուն մէջ Իւրաքանչիւր Հայ Ունի Իր Տեղն Ու Դերը. Հրայր Ճէպէճեան

«Ես չեմ խորհիր թէ հայ ժողովուրդին հիմնահարցերուն մէջ կրնանք դնել առաջնահերդութիւններ։ Մեր հայ ժողովուրդի գոյապայքարը՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք՝ եւ անոր հետ առընչուած բոլոր հիմնահարցերը վեր պէտք է առնել որպէս մէկ ամբողջութիւն, որովհետեւ կարելի չէ իւրաքանչիւր հիմնահարց դիտել եւ անոր մէջէն նաւարկել առանց առընչելու մէկը միւսին եւ մէկը միւսէն»,- անդրադառնալով սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի առաջնահերթութեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան:
«Համաժողովին պիտի խօսիմ հայ մշակոյթին մասին եւ անոր դերը հայապահպանումին մէջ։ Մշակոյթը եւ հայապահպանումը անպայմանօրէն եւ ուղղակի կապուած են իւրաքանչիւր նիւթի հետ, որ դուք ներկայացուցած էք վերեւ։ Հայապահպանումը, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, տարածաշրջանային հիմնահարցերն ու տակաւին ցեղասպանութիւնը, անոր հետեւանքները եւ պահանջատիրութիւնը, բոլորը միասին կը կազմեն մէկ մեծ օղակ, որուն մէջ կ՚ապահովուի հայուն կեանքը։
Եւ այս իմաստով՝ լաւ պիտի ըլլայ եթէ համաժողովին կարենայինք հայուն համահայկական եւ իրար հետ եւ իրարմով առընչուած բոլոր այս հիմնահարցերուն նկատմամբ ստեղծել համապարփակ գիտակցութիւնը, ուր իւրաքանչիւր մասնակից կ՚անդրադառնայ թէ ինք մէկ անբաժան մասնիկն է հայկական « մեծ» եւ «ամբողջական» իրականութեան եւ անոր բոլոր մարտահրաւէրներուն մէջ ան՝ իւրաքանչիւր հայ ունի իր տեղը- դերը եւ պարտականութիւնը։ Եւ նաեւ համաժողովէն ետք փորձենք այս բոլորը վերածել աշխատանքային տեսադաշտերու եւ ծրագիրներու», աւելցուց Հրայր ճէպէճեան: