Խորհրդարանին Մէջ Հայկական Հարցը Միշտ Բացարձակ Արգելք Եղած է

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ- HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը անդրադարձած է օրերս իր կուսակցութեան նախաձեռնած «Խղճի եւ արդարութեան կարգ» խորագիրով շարժման: Փայլանը նշած է, որ ձեռնարկը իւրատեսակ բողոք է իրենց դերերը չկատարող ընդդիմութեան, մամուլի եւ դատական համակարգին դէմ:

«Եթէ այս երեք կառոյցներն ալ չեն գործեր, ուրեմն մնացած էք իշխանութեան ողորմածութեան, իսկ իշխանութիւնը չափազանց շատ սխալներ ու յանցանքներ կը գործէ: Մենք ահա այս կ՝ուզէինք ցոյց տալ եւ, ըստ էութեան, հասանք մեր նպատակին»,- ըստ Ermenihaber.am-ի՝ ըսած է հայ պատգամաւորը:

Փայլանը նշած է, որ Տիարպեքիրի մէջ կազմակերպուած շարժումը իրականացուած է ոստիկանութեան կողմէ շրջապակուած եւ մեկուսացուած պայմաններու մէջ: «Կ՝ուզեն, որ բոլորը  լռեն ու վախնան, վախ կ՝ուզեն տարածել: Եթէ նկատած էք, վերջին շրջանին մարդոց յաճախ կը ձերբակալեն` ուրիշներուն դաս տալու համար: Ատոր համար իւրաքանչիւրը սկսած է վերահսկել ինքն իրեն»,- նշած  է պատգամաւորը:

Փայլանը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ Ազգային ժողովի իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու (ԱՇԿ- MHP) կողմէ համատեղ մշակուած եւ խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներու ելոյթներուն համար շարք մը սահմանափակումներ սահմանող ներքին կանոնակարգի փաթեթի հաստատման:

«Ասիկա ժամանակի ոգին արտացոլող ներքին կանոնակարգ է: Ինչպէս Թուրքիոյ փողոցներուն մէջ մարդիկ չեն կրնար խօսիլ, անոնց չեն ձգեր խօսիլ, անոնց արտայայտութիւնները կը սահմանափակուին, այդպէս ալ փորձ կը կատարուի սահմանափակելու խորհրդարանի պատգամաւորներուն խօսքը: Խորհրդարանին մէջ հայկական հարցը միշտ բացարձակ արգելք եղած է, քրտական հարցը մեծ հաշուով միշտ բացարձակ արգելք եղած է, եւ պետութիւնը հիմա կրկին կը փորձէ վերադառնալ իր գործարանային կարգաւորումներուն»,- ըսած է Փայլանը:

Scroll Up